Քաթար յայտարարեց, որ իր դեսպանը պիտի վերադառնայ Թեհրան: Տոհա իր դեսպանը տուն կանչած էր յունուար 2016-ին, երբ Սէուտական Արաբիա խզեց Իրանի հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ կը ձգտի բոլոր մարզերուն մէջ ամրապնդել Իրանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Իրանեան լրատուամիջոցներ իրենց կարգին հաղորդեցին, որ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի իր իրանցի պաշտօնակիցին` Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆին հաղորդած է իր դեսպանը Թեհրան վերադարձնելու Տոհայի որոշումը:
Յիշեցնենք, որ Քաթարի իշխանը յունիս 2017-ին յայտարարած էր, որ իր երկիրը պատրաստ է Իրանի հետ յարաբերութիւններու «ամբողջական զարգացման» եւ իսլամական աշխարհի հարցերու լուծման համար գործակցութեան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասիմի ողջունեց Քաթարի դեսպանի Թեհրան վերադարձը` զայն նկատելով «տրամաբանական ու դրական քայլ մը»: