Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիա Եւ Թուրքիան Կնքած Են «Տ 400» Համակարգերու Վաճառքի Համաձայնագիրը

August 25, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիա եւ Թուրքիա ստորագրած են հակաօդային պաշտպանութեան «S 400» ռուսական համակարգերու վաճառքին մասին համաձայնագիրը. «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ այս մասին 23 օգոստոսին հաղորդեց ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Համակարգերը արտադրող «Ռոսօպորոնէքփոր» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ալեքսանտր Միխէեւ աւելի ուշ հաստատած է այս լուրը` ըսելով. «Համաձայնագիրը ստորագրուած է, սակայն տակաւին ի զօրու չէ, որովհետեւ աշխատանքը կը շարունակուի որոշ նրբութիւններ հարթելու համար»: Ան չէ մանրամասնած սակայն, թէ քանի՞ համակարգ պիտի վաճառուի Թուրքիոյ, եւ թէ Անգարա որքա՞ն պիտի վճարէ անոնց համար:

Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յուլիսին հաղորդած էին, թէ երկար բանակցութիւններէ ետք համաձայնութիւն գոյացած է Ռուսիոյ հետ հակահրթիռային այս արդիական համակարգերը գնելու համար: Օրին ըսուած էր, թէ Անգարա 2,5 միլիառ տոլար պիտի վճարէ 4 համակարգերու համար: Կ՛ակնկալուի, որ անոնցմէ երկուքը 2018-ին յանձնուին, մինչ մնացեալ երկուքը պիտի կազմուին Թուրքիոյ մէջ` ռուսական օժանդակութեամբ: Հաւանական է նաեւ, որ համակարգերը հաստատուին Հայաստանի եւ Յունաստանի հետ սահմաններուն վրայ:

Հակադարձելով այս լուրին` Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս Թուրքիոյ սոյն ծրագիրը նկատած էր «երկրին գերիշխան որոշումը», սակայն աւելցուցած էր, թէ հարցեր կրնան յառաջանալ` ռուսական համակարգերը ՕԹԱՆ-ի սպառազինութեան հետ համատեղելու առնչութեամբ:

Ամերիկեան «Ճէյմսթաուն» հիմնարկութեան ապահովական հարցերու վերլուծաբան Էտուարտ Աբրահամեան կը յայտնէ, թէ նման համաձայնագիրի մը ստորագրումը կը նշանակէ, թէ Ռուսիա եւ Թուրքիա արդէն իսկ հասած են սերտ համագործակցութեան փուլի: «Սա կը նշանակէ, որ Ռուսիոյ համար Թուրքիան այլեւս պիտի չդիտարկուի իբրեւ այս շրջանին մէջ հիմնական սպառնալիք, հիմնակա՛ն հակառակորդ: Աւելի՛ն, այս փաստաթուղթը կրնայ մեկնաբանուիլ այսպէս. Ռուսիան մատակարարելով այս համակարգերը` ո՛չ միայն կը փորձէ Թուրքիոյ համար բանալ իր ռազմական արհեստագիտական շուկան, այլ նաեւ կը ցուցադրէ, որ Թուրքիոյ հետ, ինչպէս Սուրիոյ, Սեւ ծովու եւ կովկասեան հարցերուն մէջ, կարելի է գալ համաձայնութեան եւ ըլլալ խոր համագործակցութեան մէջ», կ՛աւելցնէ Աբրահամեան:

Վերլուծաբանը նաեւ կը նշէ. «Թուրքիա արդէն իսկ բաւական երկար ժամանակ է, որ ունի հիմնական սպառազինութիւններու արդիականացման խնդիր, եւ ակնյայտ էր, որ վերջին 15 տարիներուն ընթացքին, ՕԹԱՆ-ի երկիրները մեծ շահագրգռութիւն չէին ցուցաբերեր նման զինատեսակներ, որոնց շարքին` հեռահար հակաօդային համակարգեր Թուրքիոյ մատակարարելու հարցին մէջ. այնպիսի՛ զինատեսակներ ու համակարգեր, որոնք Թուրքիան կը կարենար ինքնուրոյն տնօրինել: Ռուս-թրքական նոր համաձայնութիւնները Հայաստանի համար որոշակիօրէն սպառնալիք են` մեկնելով այն իրողութենէն, որ Թուրքիան եւ Ռուսիան այս պարագային աւելի կարեւոր կը նկատեն ղարաբաղեան խնդիրի շուտափոյթ կարգաւորումը: Այդ երկիրները նման կարգաւորման օրակարգ կ՛առաջարկեն, ինչ որ Հայաստանի համար նոր խնդիրներ ու սպառնալիքներ կը ստեղծէ, որովհետեւ այդ պարագային, Թուրքիան Մոսկուայի հետ համագործակցութեան շնորհիւ շրջանին մէջ կը դառնայ աշխուժ դերակատար»:

 

 

Նախորդը

Պահրէյնի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Տասը Հոգիէ Բաղկացած Ահաբեկչական Բջիջ Մը Յայտնաբերած Է

Յաջորդը

Պոլսոյ Դատախազութեան Դիմաց Փոխադարձ Հրացանաձգութիւն

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.