
Պահրէյնի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ բացայայտուած է 10 հոգիէ բաղկացած ահաբեկչական բջիջ մը` նշելով, որ անիկա կը պատկանի «Իրանի կողմէ աջակցութիւն վայելող Սարայա Աշթար խմբաւորումին»:
Պահրէյնի ներքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Ահաբեկչական նոր բջիջին ղեկավարն է Իրան փախուստ տուած անձ մը»:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ահաբեկչական բջիջի 7 անդամներ ձերբակալուած են եւ երկու ուրիշներու նկատմամբ հետախուզական աշխատանք կը կատարուի, իսկ ահաբեկչական բջիջի թիւ մէկ դէմքը Իրան փախուստ տուած է «եւ առնչուած է Յեղափոխական պահակագունդին»:


