Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Օդուժը Տէր Զօրի Մօտ ՏԱՀԵՇ-ի Չորս Բարձրաստիճան Պատասխանատուներ Վնասազերծած Է

Սեպտեմբեր 9, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ռուսական օդուժին Տէր Զօրի մօտ կատարած օդային հարուածին պատճառով սպաննուած են ՏԱՀԵՇ-ի շուրջ 40 զինեալներ, ներառեալ չորս բարձրաստիճան մարտական պատասխանատուներ:

ՏԱՀԵՇ-ի մարտական հրամանատարները կը գումարէին ժողով մը, որուն կը մասնակցէին չորս բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Ժողովի ընթացքին կը քննարկուէր սուրիական բանակին շղթայազերծած յարձակումը:

Սպաննուածներու շարքին էր Տէր Զօրի շարիֆ Ապու Մոհամետ Շիմալին, որ ՏԱՀԵՇ-ի ֆինանսաւորման եւ նորագիրները մարզումի ճամբարներու մէջ տեղաւորելու պատասխանատուն էր:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ սպաննուած է նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի պատերազմի նախարար Կուլմուրատ Խալիմովը:

Ամերիկեան Օդուժը Հրոսէջք Կատարելով Իրեն Հետ Կը Տանի
ՏԱՀԵՇ-ի 20 Հրամանատարներ

Զինուորական եւ դիւանագիտական աղբիւր մը «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ամերիկեան օդուժին պատկանող օդանաւ մը ՏԱՀԵՇ-ի մարտական հրամանատարներ «Տէր Զօրէն աւելի ապահով վայրեր տեղափոխեց` անոնց փորձառութենէն այլ շրջաններու մէջ օգտուելու համար»:

Աղբիւրը նշած է, որ նոյնպիսի գործողութիւն մը տեղի ունեցած է 26 օգոստոսին, երբ ամերիկեան օդուժին պատկանող ուղղաթիռ մը գիշերանց հրոսէջք կատարած է Տէր Զօրի հիւսիս արեւմտեան մէկ շրջանին մէջ եւ իրեն հետ տարած ՏԱՀԵՇ-ի «եւրոպական ծագումով» երկու մարտական հրամանատարներն ու անոնց ընտանիքներուն անդամները:

Ըստ անոր տեղեկութեանց, երկու օր ետք ամերիկեան ուղղաթիռներ ՏԱՀԵՇ-ի 20 հրամանատարներ ու զինեալներ Տէր Զօր քաղաքի հարաւ արեւելեան մէկ շրջանէն տեղափոխած են հիւսիսային Սուրիա:

Նախորդը

Գերմանացի Երեսփոխաններ Այսօր Կ՛այցելեն Գոնիայի ՕԹԱՆ-ի Ռազմակայան

Յաջորդը

Լաւրով. «Կը Ջանանք Իտլիպը Մօտիկ Ապագային Միացնել Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներուն»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?