Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրաքի Քիւրտերը Պատրաստ Են Իրենց Սեփական Սահմանները Գծելու» Կ՛ըսէ Պարզանի

September 12, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինքնավար մարզը ապագայ քրտական պետութեան մը սահմանները պիտի գծէ, եթէ Պաղտատ չընդունի մարզի անկախութեան շուրջ հանրաքուէի արդիւնքը:

Ան յայտնեց, որ կ՛ուզէ Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան հետ համաձայնութիւն գոյացնել, եթէ քիւրտերը քուէարկեն ի նպաստ անկախութեան: Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարած է, որ հանրաքուէն հակասահմանադրական է:

Պարզանի նաեւ զգուշացուց, որ քիւրտերը պիտի կռուին որեւէ խմբաւորումի դէմ, որ կը փորձէ Քերքուքի «իրականութիւն»-ը փոխել բռնի ուժով: Փեշմերկաները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ընթացքին գրաւած էին քարիւղով հարուստ նշեալ քաղաքը, ուր կը բնակին մեծաթիւ արաբներ եւ թիւրքմեններ: Շիի միլիսներ յայտնած են, որ պիտի չարտօնեն, որ Քերքուքը մաս կազմէ անկախ Քիւրտիստանի մը: «Եթէ որեւէ խումբ կ՛ուզէ Քերքուքի իրականութիւնը ուժի կիրարկումով փոխել, պէտք է գիտնայ, թէ իւրաքանչիւր քիւրտ պատրաստ պիտի ըլլայ ատոր համար կռիւ մղելու», զգուշացուց Պարզանի:

«Ասիկա առաջին քայլ մըն է: Ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ Քիւրտիստանի ժողովուրդը ազատօրէն պիտի ճշդէ իր ապագան», ըսաւ Պարզանի` աւելցնելով. «Ատկէ ետք Պաղտատի հետ բանակցութիւններու պիտի սկսինք, գոյացնելու համար սահմաններու, ջուրի եւ քարիւղի հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն մը»:

«Մենք այս քայլերը պիտի առնենք, սակայն եթէ չընդունին, ատիկա այլ հարց պիտի ըլլայ», զգուշացուց Քրտական ինքնավար մարզի նախագահը:

Պարզանի մերժեց Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ այն զգուշացումները, թէ անկախութեան հետապնդումը շատ մեծ վտանգ մըն է` այն պահուն, երբ Իրաք տակաւին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը կռուի: «Այս շրջանին մէջ ե՞րբ անկախութիւն ու կայունութիւն ունեցած ենք, որ զայն կորսնցնելու մասին պէտք է մտահոգուինք: Ե՞րբ Իրաք այնքան միացեալ էր, որ պէտք է մտահոգուին անոր միութեան քանդումէն: Անոնք, որոնք այդ խօսքերը կ՛ըսեն, պարզապէս մեզի արգելք հանդիսանալու պատրուակներ կը փնտռեն», ընդգծեց ան:

Պարզանի նաեւ մերժեց Քերքուքը հանրաքուէին մասնակից դարձնելու որոշումին ուղղուած քննադատութիւնները: «Չենք ըսեր, թէ Քերքուքը կը պատկանի քիւրտերուն: Քերքուքը պէտք է բոլոր ազգերու համակեցութեան խորհրդանիշ մը ըլլայ: Եթէ Քերքուքի ժողովուրդը այս հանրաքուէին ընթացքին «Ոչ» քուէարկէ, պիտի յարգենք անոր քուէն… սակայն չենք ընդունիր, որ ոեւէ մէկը արգելք հանդիսանայ այդտեղ հանրաքուէ կատարելու մեր քայլին»:

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Անդամները Քննադատած Են Թուրքիոյ Գերագոյն Եւ Սահմանադրական Դատարաններու Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Ֆլորիտայի Բնակչութեան Կէսը Զրկուած Է Ելեկտրականութենէ` «Իրմա» Մրրիկին Պատճառով

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.