Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ Եւրոպական խորհուրդի եւ Թուրքիոյ արդարադատութեան համակարգի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ խօսքի ազատութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարին նուրիուած խորհրդաժողով մը տեղի ունեցած է: Այս մասին կը գրէ թրքական «Թ24» կայքը:
Խորհրդաժողովին ընթացքին եւրոպացի պաշտօնեաները խիստ քննադատութեան ենթարկած են Թուրքիոյ գերագոյն եւ սահմանադրական դատարաններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը, որ հիմնական որոշումները կու տայ երկրին մէջ արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ:
Խորհրդաժողովի ընթացքին ընդգծուած է, որ Թուրքիոյ դատախազութիւններու եւ առաջին ատեանի դատարաններու որոշումները պէտք է համապատասխանեն Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի որոշումներուն ու իրաւական սկզբունքներուն:
Քննարկուած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձէն ետք որդեգրուած օրէնքներու` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտին համապատասխանելու հարցը:
Կապրիէլ. «Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Է Դադրեցնէ Թուրքիոյ Հետ
Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտարարած է, որ ամբողջովին կը կիսէ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնի թեկնածու Մարթին Շուլցի այն կարծիքը, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է դադրեցնէ միութեան անդամակցութեան շուրջ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները:
«Ես վստահ եմ, որ Գերմանիոյ գրեթէ բոլոր քաղաքացիները նոյնպէս այն կարծիքին են, որ ներկայ վիճակին մէջ Թուրքիա երբեք պիտի չդառնայ Եւրոպական Միութեան անդամ», ըսած է Կապրիէլ գերմանական «Թ-օնլայն» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին: