Հիւսիսային Քորէա յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատժամիջոցները եւ ճնշումը մուտք կը գործեն «չափազանց անխոհեմ փուլ», եւ զգուշացուց, որ պատրաստ է աննախադէպ քայլերու դիմելու: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը գրէ, թէ այդ մասին նշուած է Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է կեդրոնական հեռագրային գործակալութեան կայքին վրայ:
Հիւսիսային Քորէայի կարծիքով` Միացեալ Նահանգներ կը շահագործեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, որպէսզի վերջինս խստացնէ Հիւսիսային Քորէայի դէմ պատժամիջոցները` ջրածնային մարտագլխիկներու փորձարկման պատճառով:
Երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «գերհզօր ջրածնային զէնք»-ը ստեղծուած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ աճող թշնամական գործողութիւնները զսպելու եւ Քորէական թերակղզիին վրայ հիւլէական պատերազմը կանխարգիլելու համար:
Փիոնկիանկ նաեւ նշեց, որ ուշադիր կը հետեւի Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններուն եւ պատրաստ է պատասխան տալու:
«Ապագայ քայլերը, որ Հիւսիսային Քորէան պիտի ձեռնարկէ, Միացեալ Նահանգներու համար պիտի բերեն այնպիսի մեծ ցաւ ու տառապանք, որոնց մէջէն անոնք անցած չեն իրենց պատմութեան ընթացքին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ «ամբողջական ոչնչացումէն խուսափելու համար» Միացեալ Նահանգներ պէտք է դադրեցնեն Հիւսիսային Քորէայի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական ճակատումը:


