Մեքսիքայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախկին յայտարարութեան, որ Մեքսիքայի իշխանութիւնները պիտի վճարեն երկու երկիրներու սահմանին պատի կառուցման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթա»-ն:
«Ինչպէս միշտ ընդգծած է Մեքսիքայի կառավարութիւնը` մեր երկիրը ոչ մէկ պարագայի պիտի վճարէ Միացեալ Նահանգներու հետ սահմանի երկայնքին պատի կամ ֆիզիքական արգելապատնէշի կառուցման համար: Այդ դիրքորոշումը բանակցային ռազմավարութեան մաս չէ, այլ` գերիշխանութեան եւ արժանապատուութեան հարց», նշուած է պաշտօնական պատասխանի բնագիրին մէջ:
Նախարարութեան մէջ նաեւ նշած են, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ թմրանիւթերու վաճառքի խնդիրը «ընդհանուր» է, եւ կոչ ուղղած են պայքարելու ատոր պատճառներուն դէմ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ յիշեցուցած էր պատի կառուցման անհրաժեշտութեան մասին եւ ընդգծած, որ Մեքսիքան պիտի վճարէ ատոր կառուցման համար` միջոցներու փոխհատուցման միջոցով կամ որեւէ այլ ճամբով:



