Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան դէմ արտայայտուած երկիրները իրենց դիրքորոշումը պէտք է պահպանեն նաեւ հանրաքուէէն ետք: Ըստ անոր, այդ պարագային հաւանական է, որ Քրտական մարզի ղեկավար Մասուտ Պարզանի ետդարձ կատարէ իր «սխալէն»:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Չաւուշօղլու նշած է, թէ Պարզանի իր այս քայլով վտանգած է ո՛չ միայն Իրաքի, այլ նաեւ նոյնինքն քիւրտերուն ապագան, սակայն իրենք տակաւին յոյս ունին, որ ան ետդարձ պիտի կատարէ իր տուած որոշումէն:
«Ֆրանսացիներուն ալ ըսինք, մեր միւս գործընկերներուն ալ: Պարզանին կրնայ ետդարձ կատարել այս սխալէն: Կարեւոր է, որ այս հանրաքուէն դատապարտած երկիրները պահպանեն իրենց դիրքորոշումը», ըսած է Չաւուշօղլու:
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին յայտարարած է, թէ Թուրքիա շուտով պիտի սկսի առաջին պատժամիջոցները կիրարկել Իրաքի Քրտական մարզին դէմ` փակելով մարզին հետ օդային եւ ցամաքային սահմանները:
«Մենք թոյլ պիտի չտանք, որ մեր շրջանն ու Թուրքիոյ սահմանները վտանգի տակ յայտնուին ոեւէ մէկու մանկական երազանքներուն իրականացման համար: Այստեղ հանրաքուէով ոչինչ կը վերջանայ, արդիւնքը տակաւին հիմա նոր պիտի տեսնէք», սպառնացած է Թուրքիոյ նախագահը:
Ըստ անոր, Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի ղեկավարութիւնը անհեռատես է, սակայն ժամանակի ընթացքին պիտի հասկնայ, որ այլ ելք չունի:
«Մէկ կողմէ Իրանը, հիւսիսը` Թուրքիան, հարաւը` Պաղտատը, արեւմուտքը` Սուրիան… Ի՞նչ պիտի ընէք: Ո՞ւր պիտի երթաք, ինչպէ՞ս դուրս պիտի գաք: Օդային բոլոր սահմանները պիտի փակուին: Շուտով ցամաքային սահմանն ալ պիտի փակենք: Երկրի մը ղեկավարը չի կրնար այդքան երեխայական ձեւով ատիկա (հանրաքուէն, «Ա.») ընել», ըսած է Էրտողան:



