Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Եթէ Ազրպէյճան Լքէ Եւրոպական Խորհուրդը, Մեր Կեանքէն Ոչինչ Պիտի Փոխուի»

Հոկտեմբեր 6, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Եւրոպական խորհուրդի քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին ըսած է, որ եթէ Ազրպէյճան լքէ Եւրոպական խորհուրդը, ազրպէյճանցիներու կեանքէն ոչինչ պիտի փոխուի: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

«Ձեզի անկեղծ ըսեմ, ընկերաբար, որ եթէ Ազրպէյճանը հեռանայ Եւրոպական խորհուրդէն, ոչ մէկը ատոր նշանակութիւն պիտի տայ: Մեր կեանքին մէջ ոչինչ պիտի փոխուի, մենք ո՛չ աւելի լաւ, ո՛չ աւելի վատ, ո՛չ աւելի հարուստ, ո՛չ ալ աւելի աղքատ պիտի ապրինք», յայտարարած է Ալիեւ:

«Ինչ կը վերաբերի եւրոպական կառոյցներուն, կ՛ուզեմ անգամ մը եւս նշել, թէ Եւրոպական Միութիւնը մեզի համար առաջնահերթութիւն է, իսկ ձեր այցելութիւնը կը վկայէ, թէ Ազրպէյճան նոյնպէս կարեւոր գործընկեր է Եւրոպայի համար», աւելցուցած է ան:

Ալիեւ նշած է, որ վերջին ժամանակաշրջանին Եւրոպական խորհուրդի որոշ պաշտօնական ներկայացուցիչներ նոր յարձակումներ սկսած են Ազրպէյճանի դէմ:

«Անոնք կը սպառնան մեզ անդամակցութենէն զրկել եւ մեր դէմ պատժամիջոցներ կիրարկել: Բնականաբար, մեր քաղաքական գործիչները, խորհրդարանականները, լրագրողները եւ քաղաքացիները պատշաճ արձագանգ ցոյց կու տան: Նախ, թող անոնք ապահովեն անդամ երկիրներուն առնչութեամբ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին որդեգրած աւելի քան 10 հազար որոշումներուն իրականացումը, միայն ատկէ ետք կրնան խօսիլ Ազրպէյճանը անդամակցութենէ զրկելու կամ պատժամիջոցներու մասին: Եթէ ատիկա տեղի ունենայ, ատիկա պիտի ըլլայ երկակի չափանիշներու յաղթանակ: Այդ պատճառով Ազրպէյճանի նկատմամբ նպատակաուղղուած յարձակումները հիասթափութիւններ կը յառաջացնեն, կը նպաստեն այնպիսի միտքերու, ինչպիսիք են` «իսկ ինչո՞ւ համար մեզի պէտք է այդ կազմակերպութիւնը», ըսած է Ալիեւ:

Ան աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական խորհուրդին հետ կապուած հանրային կարծիքը այնքան ալ դրական չէ, եւ նշած է, որ այդ կազմակերպութեան միանալու ժամանակ իրենց ակնկալիքները կապուած էին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ ակնկալուող աջակցութեան հետ, «ինչ որ, սակայն, տեղի չունեցաւ»: Բացի ատկէ, ան նշած է, թէ Ազրպէյճան Հայաստանի հետ նոյն օրը միացած է այդ կազմակերպութեան, եւ համեմատած է Ազրպէյճանի դէմ չափազանց բացասական վերաբերմունքը «Հայաստանի նկատմամբ կազմակերպութեան դրական վերաբերմունքին հետ»:

Ան նաեւ նշած է. «Ազրպէյճան Եւրոպայի համար միակ նոր ուժանիւթային աղբիւրն է»: «Ազրպէյճանի մէջ ուժանիւթի բնագաւառի զարգացումը չի սահմանափակուիր մեր սահմաններով: Ինչ կը վերաբերի մեր ուժանիւթի անվտանգութեան, ամբողջ աշխատանքը կատարուած է, մենք կ՛արտածենք քարիւղ, կազ եւ ելեկտրականութիւն տարբեր ուղղութիւններով: Մենք 7 խողովակաշար ունինք` 3-ը քարիւղ փոխադրող, 4-ը` կազ տեղափոխող»:

Ալիեւի համաձայն, վերջին մեծագոյն կազի խողովակաշարը Պաքուէն կ՛երկարի Իտալիա, ատոր կառուցումը կը շարունակուի:

«Մեզի համար մեծագոյն շուկան Եւրոպան է, որ ա՛լ աւելի շատ պիտի ունենայ կազի կարիք: Մեզի յայտնի է, որ Եւրոպայի մէջ բնական կազի պահանջարկը պիտի աճի, իսկ Ազրպէյճան Եւրոպայի համար միակ նոր ուժանիւթի աղբիւրն է: Ազրպէյճան նոր աղբիւր է, հեռու չի գտնուիր, պաշարները մեծ են, ունի տասնամեակներու համար բաւարար կարողականութիւն», ըսած է ան:

 

Նախորդը

142 Երկիրներ Համաձայնեցան Աջակցելու ՄԱԿ-ի Բարենորոգման

Յաջորդը

Իրաքի Վարչապետը Փեշմերկաները Կը Զգուշացնէ Քերքուքի Մէջ Ուժ Կուտակելէ

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր  Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ

Դեկտեմբեր 9, 2025
Թրամփ. «Որոշ Չափով Հիասթափուած Եմ,  Որովհետեւ Զելենսքին Տակաւին  Խաղաղութեան Ծրագիրը Չէ Կարդացած»
Միջազգային

Թրամփ. «Որոշ Չափով Հիասթափուած Եմ, Որովհետեւ Զելենսքին Տակաւին Խաղաղութեան Ծրագիրը Չէ Կարդացած»

Դեկտեմբեր 9, 2025
Փեսքով. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Կողմերը  Հետզհետէ Աւելի Կը Հասկնան,  Թէ Պէտք Է Լռութեան Մէջ Աշխատին»
Միջազգային

Փեսքով. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Կողմերը Հետզհետէ Աւելի Կը Հասկնան, Թէ Պէտք Է Լռութեան Մէջ Աշխատին»

Դեկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?