Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի երէկ զգուշացուց Լիբանանի, Սուրիոյ եւ առհասարակ Միջին Արեւելքի կացութեան վատթարացման վտանգէն` ընդգծելով, որ շրջանը կը գահավիժի դէպի վտանգաւոր փուլ:
Այս առնչութեամբ վարչապետ Ապատի Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը գործուղած է պատկան երկիրներ, յատկապէս` դէպի Սուրիա, Յորդանան եւ Իրան, կացութեան վատթարացման առաջքը առնելու մտադրութեամբ:
Իրաքի Քրտական Մարզի Անկախացման Հանրաքուէն` Չեղեա՞լ
Միւս կողմէ, իրաքեան կառավարութեան մէկ պատասխանատուն գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի պատասխանատուներու այն կեցուածքին գծով, ուր վերջիններս կը ճանչնան ու կը յարգեն իրաքեան դատարանին որոշումը երկրին հողային ամբողջականութեան գծով:
Ըստ իրաքցի պատասխանատուին, քրտական այս կեցուածքը համազօր կը նկատուի վերջերս նշեալ մարզին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքները չեղեալ նկատելուն: