Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եըլտըրըմ Մեկնաբանած Է Թրամփի Խորհրդականին Թուրքիոյ Կողմէ Կաշառք Առաջարկուելու Մասին Լուրը

November 14, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Մայքըլ Ֆլինի` Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ կաշառուելու եւ իսլամական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի առեւանգումը կազմակերպելու շուրջ համաձայնութիւն ունենալու մասին լուրերը:

Թրքական «Տիքեն» կայքը կը գրէ, թէ Եըլտըրըմ շեշտած է, որ իրենք Ֆլինէն Կիւլենի արտայանձնման վերաբերեալ որեւէ երաշխիք չեն ստացած, եւ երաշխիք տուողը ոչ թէ Ֆլինը պէտք է ըլլայ, այլ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը:

Թուրքիոյ վարչապետը պնդած է, որ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարները Կիւլենի արտայանձնման հարցով կապի մէջ կը գտնուին:

Եըլտըրըմ նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ անարդար կը վարուի` բաւարար չնկատելով Կիւլենի արտայանձնման վերաբերեալ ներկայացուող փաստերը:

«Երբ տեղի ունեցաւ 11 սեպտեմբերի ահաբեկչութիւնը, Թուրքիան առաջին երկիրն էր, որ Միացեալ Նահանգներու հետ զօրք ուղարկեց Աֆղանիստան: Մենք չհարցուցինք, թէ ատոր ետին ո՛վ կանգնած է: Միացեալ Նահանգները ըսին` Քայիտան է, ոչ ոք ըսաւ` տէ՛, ապացուցէ՛», ըսած է Եըլտըրըմ:

Յայտնենք, որ նախապէս մամուլին մէջ լուրեր տարածուած էին, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները 15 միլիոն տոլար առաջարկած են Թրամփի նախկին խորհրդական Մայքըլ Ֆլինին` անցեալ տարի Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջման փորձին համար մեղադրուող թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի Թուրքիա տեղափոխումը կազմակերպելու համար:

Տեղեկութիւնը հրապարակուած էր ամերիկեան «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին կողմէ. ըստ ներկայացուած տուեալներուն, գործին մեղսակից եղած է նաեւ Ֆլինի որդին:

Կը նշուի, որ երբ ամերիկացի պաշտօնատարը իր որդիին հետ պիտի կազմակերպէր Կիւլենի առեւանգումը, Թուրքիա հասնելուն պէս Կիւլենին պէտք է տեղափոխէին Իմրալը կղզի, ուր ցկեանս բանտարկութիւն կը կրէ նաեւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հիմնադիր եւ ղեկավար Ապտուլլա Օճալան:

Այժմ տարածուած տեղեկութիւններուն հիմամբ, Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսած է յատուկ հետաքննութիւն, որ կը վարէ դատախազ Ռապըրթ Միլլըր:

Հարցին շուրջ մեկնաբանութիւններ կատարել մերժած են թէ՛ Ֆլինը, թէ՛ Միլլըրը:

 

Նախորդը

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Տնօրէն Նշանակուեցաւ Ֆրանսայի Մշակոյթի Նախկին Նախարարը

Յաջորդը

Ֆիլիփեան Կղզիներուն Մէջ Բողոքի Ցոյց Թրամփի Այցելութեան Դէմ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.