Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հրանդ Տինք» Հիմնադրամը Հրապարակած Է Թրքական Մամուլին Մէջ Ատելութեան Դրսեւորման Մասին Նոր Զեկուցումը

November 15, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլսոյ մէջ գործող «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը հրապարակած է թրքական մամուլին մէջ ատելութեան դրսեւորումներու մասին իր նոր զեկուցումը: Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ ըստ հիմնադրամի դիտարկումներուն, վերջին ամիսներուն ազգայնական մամուլի թիրախին մէջ ամէնէն շատ յայտնուած են հրեաներն ու սուրիացի գաղթականները:

Զեկուցումը կը փաստէ, որ մայիս 2017-էն մինչեւ օգոստոս 2017 երկարող ժամանակաշրջանին թրքական մամուլին մէջ հրապարակուած են ազգային եւ կրօնական խումբերու դէմ ատելութեան դրսեւորում բովանդակող 1910 լուրեր եւ յօդուածներ, որոնց մէջ գոյութիւն ունեցած է ընդհանուր առմամբ ցեղապաշտական ու ազգայնական բնոյթի 2466 արտայայտութիւն:

«Հրանդ Տինք»-ի հիմնադրամի` Մամուլին մէջ ատելութեան դրսեւորումներու մասին նախագիծի աշխատանքային խումբի անդամներուն` Ֆունտա Թեքինի, Փընար Էնսարիի, Մերվէ Նեպիօղլուի եւ Էզկի Քանի կողմէ պատրաստուած 146 էջնոց զեկուցումին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրուի այն փաստին վրայ, որ այդպիսի վիճակագրական պատկերի վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են այս ընթացքին տեղի ունեցած Կիպրոսի ժընեւեան ժողովը, թուրք-յունական ծովային ճգնաժամերը, Արաբական ծոցի երկիրներուն կողմէ Քաթարի շրջափակումը, Պաղեստինի մէջ եղած բախումները, Սրեպրենիցայի կոտորածին մէջ` Հոլանտայի իշխանութիւններուն մասամբ պատասխանատու ըլլալու մասին որոշումը, ռոհինճա իսլամներուն դէմ յարձակումները եւ 29 օգոստոսին Թուրքիոյ մէջ նշուող Տումլուփընարի ճակատամարտի յաղթանակին 95-ամեակը:

Ընդհանուր առմամբ այս ամիսներուն ընթացքին մամուլին մէջ եղած է հրեաները թիրախաւորող 493 հրապարակում, սուրիացի գաղթականներու դէմ` 472 հրապարակում, 256 յօդուած կամ լուր բացասական շեշտադրումով անդրադարձած է Յունաստանի յոյներուն, հայերը թիրախաւորուած են 247 հրապարակումի մէջ, 212 յօդուած կամ լուր ատելութեամբ խօսած է Թուրքիոյ յոյներուն մասին:

Ամէնէն շատ ատելութեան դրսեւորումներ հանդիպած են թրքական «Ենի Աքըթ», «Միլլի կազեթէ», «Ենի մեսաժ», «Ենի Քոնիա», «Իսթիքլալ» եւ «Պուրսա սանճաք» օրաթերթերուն մէջ:

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահը «Պրեքզիթ»-ի Պարագային Բրիտանիոյ Պարտքը Կը Գնահատէ 60 Միլիառ Եւրօ

Յաջորդը

Փուչտեմոն Չի Բացառեր Քաթալոնական Տագնապի Լուծման Համար Սպանիայէն Անջատուելէ Հրաժարումը

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.