Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խամենէին Նոր Հիթլեր Մըն Է, Որուն Նկատմամբ Կարելի Չէ Աչք Փակել» Կ՛ըսէ Պըն Սալման Իշխանը

Նոյեմբեր 25, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէին նկատեց «Միջին Արեւելքի մէջ նոր Հիթլեր մը, որուն նկատմամբ կարելի չէ աչք փակել»` նշելով, որ Ռիատ Եւրոպայէն քաղած է այն դասը, սիրաշահումը անօգուտ է:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթի յօդուածագիրներէն Թամըս Ֆրիտմընի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին գահաժառանգ իշխանը շեշտեց. «Չենք ուզեր, որ Իրանի Հիթլերը Միջին Արեւելքի մէջ կրկնէ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի մէջ»:

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը խուսափած է խօսելէ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի` հրաժարականէն ետդարձ կատարելու քայլին մասին եւ բաւարարուած նշելով, թէ Հարիրին սիւննի իսլամ մըն է եւ «պիտի չշարունակէ քաղաքական ծածկոյթ տրամադրել լիբանանեան կառավարութեան մը, որ կը գտնուի Հըզպալլայի տիրապետութեան տակ»:

Ան կարեւոր նկատած է շրջանին մէջ Իրանի դիմակայումը:

Ֆրիտմըն կը նշէ, թէ պըն Սալման իշխանը ունի ընդհանուր պատկերացում մը, ըստ որուն, Սէուտական Արաբիան ու անոր արաբ դաշնակիցները շրջանին մէջ Իրանի ընդլայնումը դիմակայելու համար քիչ առ քիչ դաշինք կը կազմեն` զօրակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, որ ըստ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին, «ճիշդ մարդը ճիշդ պահուն է»:

Ինչ կը վերաբերի Եմէնի պատերազմին, պըն Սալման յայտնած է. «Դէպքերը կ՛ընթանան ի նպաստ սէուտական աջակցութիւն վայելող օրինական կառավարութեան, որ երկրին տարածքներուն 85 առ հարիւրին կը վերահսկէ»:

Ան նաեւ յայտնած է, թէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ փտածութեան մեղադրանքով ձերբակալուած իշխանններուն, ինչպէս նաեւ միլիառատէրերուն մեծ մասը համաձայնած է հարստութեան մէկ մասը փոխանակել ազատութեամբ:

33 տարեկան իշխանը ընդգծած է, որ իր երկրին մէջ փտածութեան հարցը շատ սուր դրուած էր: Ըստ անոր, 2015-ին իշխանութիւնները որոշած են հաւաքել բոլոր անհրաժեշտ ապացոյցները բարձրագոյն մակարդակներու վրայ կաշառակերութեան փաստին առնչութեամբ: Իբրեւ արդիւնք կազմուած է շուրջ 200 անձի անուն բովանդակող ցուցակ մը:

«Մենք անոնց (իշխաններուն, «Ա.») ցոյց տուինք մեր մօտ եղած բոլոր փաստաթուղթերը, եւ երբ անոնք ուսումնասիրեցին զանոնք, անոնց մեծ մասը համաձայն գտնուեցաւ նախադատական կարգաւորման տարբերակին», ըսած է գահաժառանգը: Ատիկա կը նշանակէ, թէ իշխաններն ու միլիառատէրերը համաձայնած են ազատութիւն ստանալու դիմաց փոխանցել իրենց հարստութեան կամ տարբեր ընկերութիւններուն մէջ ունեցած շահաբաժինները:

Մոհամետ պըն Սալման իշխանին համաձայն, այս բոլորին իբրեւ արդիւնք իրենք յաջողած են շուրջ 100 միլիառ տոլար փոխանցել երկրի պիւտճէին:

 

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ի Բիւրոն Ազրպէյճանի Փտածութեան Քայլերը Հետաքննող Անկախ Մարմինի Գործունէութիւնը Երկարաձգելու Որոշում Տուաւ

Յաջորդը

Եգիպտոսի Մէջ Մզկիթի Մը Ականահարման Պատճառով Բազմաթիւ Զոհեր Ու Վիրաւորներ

RelatedPosts

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
Սուրիոյ Նախագահը Պաքու Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Նախագահը Պաքու Այցելեց

Յուլիս 14, 2025
Արաղչի. «Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային  Գործակալութեան Հետ Թեհրանի Համագործակցութիւնը  Չէ Դադրեցուած, Սակայն Նոր Ձեւաչափով  Պիտի Շարունակուի»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Հետ Թեհրանի Համագործակցութիւնը Չէ Դադրեցուած, Սակայն Նոր Ձեւաչափով Պիտի Շարունակուի»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?