Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ի Բիւրոն Ազրպէյճանի Փտածութեան Քայլերը Հետաքննող Անկախ Մարմինի Գործունէութիւնը Երկարաձգելու Որոշում Տուաւ

November 25, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) բիւրոն որոշած է երկարաձգել վեհաժողովին մէջ փտածութեան վերջին իրադարձութիւնները հետաքննող անկախ մարմինի գործունէութիւնը մինչեւ 15 ապրիլ 2018: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած է ԵԽԽՎ-ի հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեան:

«Քոփենհակընի մէջ ԵԽԽՎ-ի բիւրոյի նիստին ընթացքին որոշում տրուեցաւ երկարաձգել ԵԽԽՎ-ի մէջ փտածութեան վերջին իրադարձութիւնները հետաքննող անկախ մարմինի գործունէութիւնը մինչեւ 15 ապրիլ 2018: Մինչ այդ ժամանակահատուածի աւարտը, անկախ մարմինը բիւրոյին, ապա վեհաժողովին պիտի ներկայացնէ իր զեկուցումը: Յիշեցնեմ, որ անկախ մարմինը ստեղծուած էր ամիսներ առաջ ԵԽԽՎ-ի որոշումով, եւ կը նախատեսուէր, որ զեկուցումը պէտք է ներկայացուէր վեհաժողովին մինչեւ յունուար 2018», գրած է Յովհաննիսեան:

Եւրոպական խորհուրդը 31 մայիս 2017-ին սկսած էր հետաքննութեան` կապուած ԵԽԽՎ-ի մէջ կաշառակերութեան գայթակղալից դէպքի մը շուրջ Ազրպէյճանի մասնակցութեան: ԵԽԽՎ-ի շարք մը պաշտօնեաներ կը մեղադրուին կաշառքի դիմաց Ազրպէյճանի օգտին որոշումներ տալու մէջ: Մասնաւորաբար, կան կասկածներ, որ Ազրպէյճանը 2013-ին մեծապէս ազդած է ԵԽԽՎ-ի որոշումին վրայ. այդ ժամանակ կառոյցը քուէարկութեան ընթացքին մերժած էր գերմանացի երեսփոխան Քրիստոֆ Շթրասըրի կողմէ ներկայացուած զեկուցումը, որ կը վերաբերէր Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն ու կոչ կ՛ուղղէր այդ երկրի իշխանութիւններուն ազատ արձակելու քաղաքական բանտարկեալները: Շրջանառուող լուրերուն համաձայն, ԵԽԽՎ-ի անդամներէն մէկուն` Լուքա Վոլոնթէին վճարուած է աւելի քան 2,5 միլիոն տոլար, որպէսզի զեկուցումը չընդունուի:

Նախորդը

«Եւրոպական Միութեան Հետ Պիելոռուսիոյ Նոր Համաձայնագիրը Պիտի Ըլլայ Աւելի Շուտ, Քան Աւելի Ուշ» Կ՛ըսէ Պիելոռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

«Խամենէին Նոր Հիթլեր Մըն Է, Որուն Նկատմամբ Կարելի Չէ Աչք Փակել» Կ՛ըսէ Պըն Սալման Իշխանը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.