Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի հաւանական նկատեց, որ այսօր կամ վաղը Աֆրին քաղաքին դէմ թրքական զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծուի: Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց երէկ Լոնտոնի մէջ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի հետ հանդիպումի մը ընթացքին:
Ան ըսաւ, թէ Աֆրինի դէմ հաւանական զինուորական գործողութիւնը «թերեւս կը գործադրենք վաղը կամ միւս օր»: