Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Պիտի Դադրեցնէ Զէնքի Մատակարարումները Սուրիացի Քիւրտերուն

November 27, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ պիտի դադրեցնեն Սուրիոյ քիւրտ զինեալներուն զէնքի մատակարարումները: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը:

Նախքան այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ուրբաթ օր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, թէ «յստակ հրահանգներ տուած է» քիւրտերու զէնքի մատակարարումները դադրեցնելու վերաբերեալ:

Այս տեղեկութիւնը հաստատած է Սպիտակ տունը` հրապարակելով հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին հաղորդագրութիւն մը եւ նշելով, որ Թրամփ Թուրքիոյ նախագահը տեղեակ պահած է «Սուրիոյ մէջ մեր գործընկերներուն տրամադրուող զինուորական աջակցութեան վերաբերեալ սպասուող փոփոխութիւններուն մասին»:

Սպիտակ տունը նշած է, որ այդ քայլը կը համապատասխանէ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի քաղաքականութեան, եւ յիշատակած է ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման այսպէս կոչուած նախկին մայրաքաղաք Ռաքքայի ազատագրումը:

Թրամփի վարչակազմը մայիսին յայտարարած էր, որ Ռաքքայի ազատագրման մարտերէն առաջ պիտի սկսի զինել քիւրտերը:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը նշէ, թէ այս քայլը կրնայ նպաստել կարգաւորելու Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուած յարաբերութիւնները, որոնք կտրուկ  կերպով հակադրուած էին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի մեթոտներուն հարցին շուրջ:

Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ յայտնի չէ, թէ արդեօք Թրամփի վարչակազմը քիւրտերուն տրամադրուած զինուորական աջակցութեան դադրեցման մասին Թուրքիոյ յայտնելէ առաջ այդ մասին տեղեակ պահա՞ծ է քիւրտերը:

 

Նախորդը

«Սուրիական Տագնապին Լուծումէն Ետք Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Մաս Պիտի Կազմեն Սուրիական Բանակին» Կ՛ըսէ Տարրար

Յաջորդը

Փաքիստանեան Բանակը «Ամբողջովին Պատրաստ Է» Իսլամապատի Մէջ Անկարգութիւններուն Դէմ Պայքարին Մէջ Կառավարութեան Օժանդակելու

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.