Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ ետդարձ կատարեցին մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան գրասենեակը փակելու իրենց որոշումէն եւ անոր արտօնեցին գործել որոշ սահմանափակումներով»:
Աղբիւրը նշեց. «Նախարարութիւնը պայման դրաւ, որ գրասենեակի աշխատանքը միայն առնչուի Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ մնայուն ու համապարփակ խաղաղութեան գոյացման»:
«Ուաշինկթըն այդ սահմանափակումները կրնայ 90-էն վերցնել, եթէ երկու երկիրները այդ առնչութեամբ լուրջ բանակցութիւններու նախաձեռնեն», աւելցուց աղբիւրը:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ կը փակէ Ուաշինկթընի մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան գրասենեակը, եթէ Պաղեստինեան իշխանութիւնը Իսրայէլի հետ խաղաղութեան լուրջ բանակցութիւններու չձեռնարկէ:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահի խորհրդական Ահմետ Մաժտալանի յայտնեց, որ ամերիկացիները պէտք չէ Պաղեստինեան իշխանութեան վրայ ճնշում բանեցնեն, որովհետեւ անոնք արդէն յայտարարած են, թէ բանակցութիւններու ձեռնարկման համաձայն են:
Մաժտալանի իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեց, որ պաղեստինցիները ցուցմունքներ ստանալու պիտի չհամաձայնին` աւելցնելով, որ պաղեստինցիներէն կարելի չէ պահանջել Միջազգային դատարանին մէջ կամ միջազգային բեմահարթակի վրայ քայլերու չձեռնարկել եւ փոխարէնը քաղաքական իսկական հեռանկար պարունակող որեւէ քայլի չձեռնարկել: