Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշելով, Որ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Որեւէ Նոր Ուժ Ապագայ Չունի. Էրտողան. «Աֆրինի Եւ Մընպեժի Հարցը Մօտ Օրէն Պիտի Վճռուի»

January 16, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկրին զինեալ ուժերը ամբողջացուցած են Աֆրինի եւ Մընպեժի դէմ զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծելու պատրաստութիւնները: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Աֆրինի եւ Մընպեժի հարցը մօտ օրէն պիտի վճռուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ գործողութիւնը կրնայ «որեւէ պահու» շղթայազերծուիլ:

Թուրքիոյ նախագահը քննադատեց Սուրիոյ մէջ սահմանապահ ուժ ստեղծելու Միացեալ Նահանգներու ծրագիրը եւ սպառնաց այդ ուժը տեղն ու տեղը բնաջնջել:

Էրտողան Միացեալ Նահանգները` «այն երկիրը, որ դաշնակից կը կոչենք», մեղադրեց Թուրքիոյ սահմանին վրայ «ահաբեկչական բանակ» ստեղծելու մէջ` խոստանալով ստեղծումէն առաջ քանդել այդ բանակը:

Թուրքիոյ նախագահը նշեց, որ ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընել փորձող երկիրները պէտք է այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանին` գործակցելով Թուրքիոյ հետ, որովհետեւ «անոնք մեր ռազմավարական դաշնակիցներն են»:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեամբ սուրիական սահմանին վրայ ապահովական ուժի ստեղծումը «կրակի հետ խաղալ է»:

Միւս կողմէ, քրտական կայքեր հաղորդեցին, որ թրքական բանակը Աֆրինի եւ Թուրքիոյ սահմանին միջեւ կառուցուած պատին մէկ բաժինը վերցուցած է եւ զայն փոխարինած փամփշտարգել մետաղեայ դուռով` զայն իբրեւ գաղտնի անցք օգտագործելու համար:

Զինեալներ Ռմբակոծած Են Աֆրինի Մէջ
Քրտական Ուժերու Երկու Զօրակայանները

Ազեզի մէջ գործող զինեալ խմբաւորումներուն պատկանող «Ահլ Տիար»-ի գործողութիւններու գրասենեակը յայտարարեց, որ հրասանդներով եւ ծանր հրետանիով ռմբակոծած է Աֆրինի մէջ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Քաֆար Ժաննա եւ Մաարասթա ռազմակայանները:

Մինչ այդ, Աֆրինի սահմանակից թրքական Ռէյհանլի շրջանին մէջ թրքական ուժերու դիրքերուն յաւելեալ սպառազինութեան մատակարարումներ արձանագրուեցան:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ բանակն ու անոր դաշնակիցները ընդլայնեցին Թալ Տամանի արեւելքը գտնուող շրջանին վրայ իրենց վերահսկողութիւնը: Այդպիսով, Խանասեր ճակատէն յառաջացող սուրիական կառավարական ուժերը եւ Սինճարի հիւսիս-արեւելքէն յառաջացող անոնց զինակիցները իրարմէ բաժնող տարածքը նուազեցաւ երկու քիլոմեթրի:

Սուրիական բանակի երկու թեւերուն իրարու հանդիպումով պաշարման օղակի մէջ առնուած պիտի ըլլայ Խանասերի արեւմուտքէն մինչեւ Համայի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Շաքուսիէի ճակատ երկարող շրջանը:

Անգարա. «Սուրիոյ Քիւրտերու Եւ Միջազգային Դաշինքի
Համագործակցութիւնը Կը Սպառնայ Թուրքիոյ Անվտանգութեան»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոր յայտարարութիւն մը հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքի եւ Սուրիոյ հիւսիսը գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու միջեւ համագործակցութեան վերաբերեալ:

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միջազգային դաշինքին կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ «Սուրիոյ սահմանային անվտանգութեան ուժեր» անունով նոր զօրամասերու կազմաւորումն ու անոնց կազմին մէջ առնուազն 30 հազար քիւրտ զինեալի ընդգրկումը մեծ դժգոհութիւն յառաջացուցած է Անգարայի մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտած է, որ Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ այդպիսի զինուորական կազմաւորումէն առաջ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքը որեւէ ձեւով չէ խորհրդակցած Անգարայի հետ: Թրքական կողմը ընդգծած է, որ քիւրտ զինեալներու կողմէ երկրի սահմաններուն անվտանգութեան սպառնացող որեւէ քայլի պարագային Թուրքիան պիտի չվարանի արժանի հակահարուած տալու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Միջազգային դաշինքը այս ձեւով ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարի «այլ ահաբեկչական ուժի մը միջոցով», ինչ որ անընդունելի է եւ կրնայ վնաս հասցնել ահաբեկչութեան դէմ ընդհանուր պայքարին:

 

 

Նախորդը

Պաղտատի Մէջ Երկու Իրերայաջորդ Պայթումներ Պատճառեցին Բազմաթիւ Զոհեր

Յաջորդը

«Ամերիկեան Հովանաւորութեամբ Զինեալ Շարժումներուն Անդամակցող Իւրաքանչիւր Սուրիացի Ժողովուրդին Ու Հայրենիքին Դաւաճան Է» Կ՛ըսէ Դամասկոս

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.