Ազրպէյճանի մէջ ձերբակալուած Ռուսիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի աստղագիտութեան հիմնարկի աշխատակից Տմիթրի Չուլքով հայրենիք վերադառնալէ ետք ընկերային ցանցի վրայ գրառում կատարած է:
«Դէպի հիւրընկալ Ազրպէյճան ամանորեան ճամբորդութիւնս աւարտած է: Այցելած եմ հանրապետութեան նշանաւոր տեսարժան վայրերը` զօրամաս, ոստիկանական բաժանմունք, դատարան, ժամանակաւոր պահման (10 օր) մեկուսարան, երկու արտաքսման կեդրոն: Այդպիսի ծանրաբեռնուած օրակարգի պատճառով 5-16 յունուարին կարելիութիւն չեմ ունեցած մուտք գործել համացանց եւ հեռաձայններուն պատասխանել, ձեր ներողամտութիւնը կը հայցեմ», գրած է Չուլքով:
Գիտնականը խոստացած է մանրամասնութիւններ գրել իր արկածախնդրութիւններուն մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնած է իրեն ցուցաբերուած աջակցութեան համար:
«Ձեր աջակցութիւնը յաղթահարած է բոլոր սահմանները, ճաղերն ու պատերը», գրած է ան:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ազրպէյճանի մէջ կորսուած է Ռուսիոյ քաղաքացի, Ռուսիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի աստղագիտութեան հիմնարկի աշխատակից Տմիթրի Չուլքովը: Հետագային ի յայտ եկած էր, որ ան ձերբակալուած է:



