Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Աֆրինի Դէմ Գործողութիւնը Սուրիական Ընդդիմութեան Մասնակցութեամբ Եւ Անոր Համար Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

January 17, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Աֆրինի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դիրքերուն դէմ գործողութիւնը պիտի ըլլայ սուրիական ընդդիմութեան մասնակցութեամբ: Այս պայքարը անոնց համար է: Մենք այդտեղի մեր եղբայրներուն կ՛օգնենք իրենց հողերը պաշտպանելու»:

Մինչ այդ, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը արդէն գրած էր, թէ Աֆրինի գործողութեան ծրագիրի մանրամասնութիւններուն մասին խօսուած է Թուրքիոյ զինուորական բարձրաստիճան շրջանակներուն «քուլիսներուն մէջ»:

Ըստ այդ տեղեկութիւններուն, Սուրիական ազատ բանակը, որ տակաւին օգոստոս 2016-ին Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ Թուրքիոյ նախաձեռնած «Եփրատի վահան» զինուորական գործողութենէն ետք իր դիրքերը կը պահպանէ Աֆրինէն արեւելք գտնուող Ժարապլոս շրջանին մէջ, կրնայ առաջին հարուածը տալ քրտական ջոկատներուն: Աւելի ուշ, զրահապատ մեքենաներով եւ հրասայլերով անոնց հարաւէն` Իտլիպէն պէտք է միանան թրքական զինեալ ուժերը:

Կը նշուի, որ Թուրքիան նաեւ նպատակ ունի գրաւելու տեղւոյն զինուորական օդակայանը` քիւրտ զինեալները զրկելով օդային աջակցութենէն:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մէկ օր առաջ սպառնացած էր քանի մը օրուան մէջ ոչնչացնել Սուրիոյ քիւրտ զինեալները եւ յայտարարած, որ զինուորական գործողութիւնը կրնայ սկսիլ մօտ օրէն:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ Սուրիոյ Այն Արապ քաղաքին հետ սահմանին մօտ թրքական ապահովական զօրաշարժ գոյութիւն ունի:

Ղասեմի. «Սուրիոյ Մէջ Սահմանապահ Ուժեր Ստեղծելու
Ամերիկեան Յայտարարութիւնը
Սուրիոյ Ներքին Հարցերուն Միջամտութիւն Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Ղասեմի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ սահմանապահ ուժեր ստեղծելու ամերիկեան յայտարարութիւնը «Սուրիոյ ներքին հարցերուն բացայայտ միջամտութիւն մըն է եւ տագնապը պիտի բարդացնէ»:

«Այդ որոշումը տրուեցաւ այնպիսի պահու մը, երբ սուրիական բանակն ու դաշնակից ուժերը ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ մեծ յաղթանակներ կ՛արձանագրեն», ըսաւ ան:

«Իրան, Ռուսիա եւ Թուրքիա պիտի շարունակեն լարուածութեան մեղմացման գօտիները ամրապնդելու եւ այս տագնապին բոցերը մարելու իրենց ջանքերը, եւ այդ ծիրին մէջ նկատառելի ձեռքբերումներ ու յաջողութիւններ արձանագրեցին», աւելցուց Ղասեմի:

«Ժամանակը հասած է, որ ամերիկեան վարչակազմը շրջանի հարցերուն միջամտելու եւ խանգարելու քաղաքականութիւնը փոխէ եւ իր ուժերը կարելի եղածին չափ շուտ դուրս բերէ Սուրիայէն, որպէսզի արտօնէ, որ սուրիացի ժողովուրդը իր ճակատագիրն ու ապագան ճշդէ մեծամասնութեան կարծիքին հիմամբ», շեշտեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Նախորդը

ՕԹԱՆ-ի Զինուորական Յանձնախումբի Ժողովին Ընթացքին. «Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ուժերու Զինումը Պիտի Չարտօնենք» Յայտարարեց Զօր. Աքար

Յաջորդը

Թուրքիոյ Տրուած Կանաչ Լո՞յս. Միջազգային Դաշինք. «Աֆրինը Մեր Գործողութիւններու Շրջագիծին Մէջ Չէ»

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.