Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղեստինի Ազատագրութեան Կազմակերպութեան Կեդրոնական Խորհուրդը Կը Պահանջէ Սառեցնել Իսրայէլի Ճանաչումը

January 17, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) կեդրոնական խորհուրդը կազմակերպութեան գործադիր մարմինէն պահանջեց առկախել Իսրայէլի ճանաչումը եւ դադրեցնել անոր հետ ապահովական համակարգումը:

Խորհուրդի որոշումները որդեգրուեցան 72 թեր, 3 դէմ եւ 10 ձեռնպահ քուէարկութեամբ: Նիստէն կը բացակայէին երկու անդամներ:

Ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը, զոր կարդաց խորհուրդի նախագահ Սալիմ Զահնուն, կը նշէ, որ խորհուրդին գլխաւոր նպատակը Պաղեստինի պետութեան անկախութիւնն է` մերժելով ճանչնալ Իսրայէլը իբրեւ հրէական պետութիւն:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ գործադիր մարմինին պարտականութիւն տրուած է առկախել Իսրայէլի ճանաչումը, մինչեւ որ ան ճանչնայ 1967-ի սահմաններով Պաղեստինը իբրեւ պետութիւն, արեւելեան Երուսաղէմը կցելու որոշումը ջնջուի եւ բնակեցումը դադրեցուի:

ՊԱԿ-ի կեդրոնական խորհուրդը յանձնարարեց մերժել «դարաշրջանի գործարք»-ը, որ չի բաւարարեր պաղեստինեան իրաւունքները` ՄԱԿ-էն պահանջելով ստանձնել խաղաղութեան հոլովոյթին հովանաւորութիւնը` աւելցնելով, որ խորհուրդը կը մերժէ Երուսաղէմի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը` նշելով միաժամանակ, որ ամերիկեան վարչակազմը դադրած է խաղաղութեան հոլովոյթի պարկեշտ միջնորդ մը ըլլալէ:

ՊԱԿ-ի կեդրոնական խորհուրդի ժողովին հաղորդագրութիւնը կը վերահաստատէ խաղաղ դիմադրութեան բոլոր ձեւերը շարունակելու կարեւորութիւնը, բռնագրաւումին դիմադրելու պաղեստինցիներուն իրաւունքը եւ կ՛ողջունէ իսրայէլեան բանտերուն մէջ գտնուող գերիները:

Հաղորդագրութիւնը արաբական պետութիւններուն կոչ ուղղեց խզելու Իսրայէլի հետ իրենց յարաբերութիւնները եւ շեշտեց ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինի անդամակցութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ կը մերժէ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը դադրեցնելու ամերիկեան սպառնալիքները:

Խորհուրդը նաեւ դատապարտեց Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ կալուածները Իսրայէլին ծախելու քայլերը:

Պաղեստինեան Համաս շարժումի բանբեր Ֆաուզի Պարհում, մեկնաբանելով խորհուրդին կողմէ որդեգրուած որոշումները, յայտնեց, որ անոնք գետնի վրայ շօշափելի գործադրութեան քննութեան առջեւ կանգնած են:

 

Նախորդը

Քեմալական Կուսակցութեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Անդամը Յայտնուած Է Էրտողանի Եւ Ազգայնականներու Թիրախին Մէջ

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապի Երկիր Հասնելէն Ետք. Ոստիկանութեան Եւ Ցուցարարներու Միջեւ Բախումներ` Չիլիի Մէջ

RelatedPosts

Թրամփէն Իրանցի Ցուցարարներուն  Նոր Պատգամ
Միջազգային

Թրամփէն Իրանցի Ցուցարարներուն Նոր Պատգամ

January 15, 2026
Ֆրանսա Կրինլանտի Մէջ Հիւպատոսարան  Պիտի Բանայ. Ուաշինկթընէն  Կը Պահանջէ Դադրեցնել Շանթաժը
Միջազգային

Ֆրանսա Կրինլանտի Մէջ Հիւպատոսարան Պիտի Բանայ. Ուաշինկթընէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Շանթաժը

January 15, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.