Յունաստանի Արդարադատութեան Նախարար. «Յունաստան Ապաստանած Թուրք Զինուորները Պիտի Չարտայանձնենք»
Յունաստանի արդարադատութեան փոխնախարար Սթաւրոս Քոնթոնիս նշեց, որ իր երկիրը պիտի չարտայանձնէ 2016-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ յեղաշրջումի ձախողած փորձէն ետք Յունաստան ապաստանած թուրք զինուորները` նշելով, որ զանոնք Աթէնքի մէջ դատելու առաջարկը կը շարունակէ մնալ ի զօրու: Քոնթոնիս յայտնեց, որ Յունաստան ապաստանած 8 թուրք զինուորներու հարցը Աթէնքի մէջ քննարկած է Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարի օգնական Պիլալ Ուչարի հետ: Թրքական «Տիքեն»...




















