Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Կառավարութեան Դէմ Պիտի Չյարձակինք, Եթէ Մեզի Դէմ Քայլի Չդիմէ» Ըսաւ Եըլտըրըմ

Յունուար 26, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը Թուրքիան ամբաստանեցին սուրիացի գաղթականներ իր բանակին հետ կռուելու համար զինուորագրելու համար եւ յայտարարեցին, որ ետ մղած են Աֆրինի` Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ Ուպէյտան գիւղին դէմ թրքական բանակի յարձակումը:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն Թուրքիոյ յայտնած է. «Սուրիական Մընպեժ քաղաքին դէմ որեւէ յարձակում անընդունելի է եւ պիտի չմնայ առանց հետեւանքի»:

Ըստ օրաթերթին, ամերիկացի պաշտօնատարը յայտնած է, թէ Ուաշինկթըն իր քիւրտ «դաշնակիցները» զգուշացուցած է, որ կրնան ամերիկեան աջակցութենէն զրկուիլ, եթէ Թուրքիոյ դէմ կռուին` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ լուրջ հարց պիտի նկատեն, եթէ քիւրտերը ամերիկեան կողմին տրամադրած զէնքերը օգտագործեն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւէն այլ նպատակի:

«Պլումպըրկ» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ներքին անվտանգութեան հարցերով օգնական Թոմ Պոսըրթ, որ նախագահ Թրամփին կ՛ուղեկցի Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովի ուղեւորութեան ընթացքին, յայտարարած է, որ իր երկրին կարծիքով` Թուրքիան օրինական հիմքեր ունի մտահոգուելու իր ազգային անվտանգութեան համար, սակայն Սուրիոյ հիւսիսը քրտական խմբաւորումներու դէմ զինուորական գործողութիւնը կրնայ խիստ բացասական հետեւանքներ ունենալ ատոր գործադրութեան ընթացքին հաւանական վրիպումներու պարագային:

«Յոյսով եմ, որ ՕԹԱՆ-ը ինքն իր դէմ չի կռուիր», ըսած է ան: Ամերիկացի պաշտօնատարը նաեւ յիշեցուցած է, որ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ է` յոյս յայտնելով, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «կը պահպանէ յանձնառութիւնը իր պարտաւորութիւններուն եւ հաշուի կ՛առնէ զանոնք, երբ կը մտածէ իր որոշումներուն հետեւանքներուն մասին»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարէն խնդրած է ՕԹԱՆ-ի մէջ քննարկել Սուրիոյ հիւսիսը տիրող կացութիւնը:

Ան նաեւ յայտարարած է, որ Գերմանիան դադրեցուցած է Թուրքիոյ զէնքի մատակարարումը` Աֆրինի մէջ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւններուն պատճառով:

ՕԹԱՆ երէկ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց Աֆրինի մէջ անհամաչափ ուժ չկիրարկելու:

Թրքական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Սպիտակ տան հաղորդագրութիւնը ճշգրիտ կերպով չէ ներկայացուցած Էրտողան-Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութեան բովանդակութիւնը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ գոյութիւն ունի Սուրիոյ մէջ 30 քիլոմեթր խորութեամբ ապահովական գօտի մը ստեղծելու ամերիկեան առաջարկ մը:

Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Անգարա Սուրիոյ մէջ որեւէ մէկու հետ բախում ունենալու չի ձգտիր, սակայն ահաբեկիչներուն դէմ պայքարէն ետ պիտի չկանգնի, եւ Աֆրինէն դուրս նոր յարձակումներու շղթայազերծման կարելիութիւնը մատնաշեց:

«Թրքական զինեալ ուժերը Սուրիոյ կառավարական ուժերու դիրքերուն դէմ յարձակում գործելու մտադրութիւն չունին», նշեց ան` աւելցնելով. «Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանումը Անգարայի եւ Դամասկոսի հասարակաց նպատակն է»:

«Կը հաւատանք, որ սուրիական վարչակարգը ահաբեկիչներուն հետ պիտի չգործակցի», յայտնեց Չաւուշօղլու:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի ստեղծման մասին խօսելու, «որովհետեւ Ուաշինկթընի նկատմամբ վստահութեան վերականգնման կարիքը ունինք»: «Ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ Ամերիկայի գործակցութիւնն ու շրջանին մէջ իր ծրագիրները անոնց միջոցով գործադրելը կը վարկաբեկէ զայն»:

Ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի գիշեր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, թէ պէտք է ամերիկեան ուժերը հեռացնել Մընպեժէն:

«Կարելի չէ ընդունիլ, թէ երկիր մը, որուն հետ ՕԹԱՆ-ի մէջ կը գործակցի Թուրքիան, երկու տարուընէ ի վեր գործակցի ՕԹԱՆ-ի սահմանները թիրախ դարձնող զինեալ խմբաւորումներու հետ», ըսաւ Եըլտըրըմ:

Ըստ անոր, «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ծիրին մէջ մինչեւ հիմա «աւելի քան 300 ահաբեկիչ վնասազերծուած է»:

Թուրքիոյ վարչապետը ընդգծեց, որ իր երկիրը յարձակում պիտի չգործէ սուրիական կառավարութեան դէմ, եթէ վերջինս անոր դէմ քայլի չդիմէ:

Թուրքիոյ կառավարութեան բանբեր, փոխվարչապետ Փաքիր Պոզտաղ յայտարարեց. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի ստեղծելու Միացեալ Նահանգներու առաջարկը կարելի է քննարկել անջատ կերպով, իսկ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը դադրեցնելը կարելի չէ քննարկել», ըսաւ ան:

«Եթէ Ուաշինկթըն չ՛ուզեր Անգարայի հետ բախում ունենալ, թէեւ ո՛չ ան կ՛ուզէ, ո՛չ ալ` մենք, ապա պէտք է դադրեցնէ ահաբեկիչներուն իր աջակցութիւնը», շեշտեց ան:

«Ոչ ոք կրնայ հարցականի տակ առնել ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարի հարցին մէջ Թուրքիոյ հաւաստիութիւնը, ինչպէս նաեւ ոչ ոք կրնայ հարցականի տակ առնել անոր որոշումը», ըսաւ Թուրքիոյ փոխվարչապետը:

Գամիշլիի եւ Այն Իսայի մէջ հարիւրաւոր քիւրտեր Աֆրինի վրայ թրքական յարձակումին դէմ բողոքի ցոյց կատարեցին:

Քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ղեկավարութեան բանբեր Ահմետ Շաուքի երէկ յայտնեց, որ քրտական ջոկատները գերեվարած են 16 թուրք զինուորներ:

 

 

Նախորդը

«Սուրիական Օդուժը Պատրաստ Է Արժանի Հակահարուած Տալու Թուրքիոյ» Կ՛ըսէ Մըքտատ

Յաջորդը

Նշելով, Որ Աֆրինը Սուրիոյ Մէկ Անքակտելի Մասն Է. Աֆրինի Ինքնակառավարման Մարմինը Սուրիոյ Պետութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Պաշտպանելու Թուրքիոյ Հետ Իր Սահմանը

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?