Աւստրիոյ մէջ անծանօթներ յարձակում գործած են երկրին մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «ՀապերԹիւրք» կայքը:
Աւստրիոյ Սալզպուրկ քաղաքին մէջ գտնուող հիւպատոսարանը յարձակումի ենթարկուած է գիշերուան ժամերուն, կոտրուած են շէնքին ապակիները:
Կ՛ենթադրուի, որ յարձակում գործած անձերը ուզած են մուտք գործել հիւպատոսարանի շէնք, սակայն չեն յաջողած: Վերջիններս դիմած են փախուստի:
Սալզպուրկի ոստիկանութեան սահմանադրական պաշտպանութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վարչութիւնը դէպքին առնչութեամբ հետաքննութեան սկսած է: Ձերբակալուած են երեք անձեր: