Յունաստանի արդարադատութեան փոխնախարար Սթաւրոս Քոնթոնիս նշեց, որ իր երկիրը պիտի չարտայանձնէ 2016-ին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ յեղաշրջումի ձախողած փորձէն ետք Յունաստան ապաստանած թուրք զինուորները` նշելով, որ զանոնք Աթէնքի մէջ դատելու առաջարկը կը շարունակէ մնալ ի զօրու:
Քոնթոնիս յայտնեց, որ Յունաստան ապաստանած 8 թուրք զինուորներու հարցը Աթէնքի մէջ քննարկած է Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարի օգնական Պիլալ Ուչարի հետ:
Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Ուչար Յունաստան իր այցելութեան ընթացքին դարձեալ արծարծած է զինուորներուն Թուրքիոյ արտայանձնելու իրենց պահանջի եւ այդ հոլովոյթի` Թուրքիոյ համար ունեցած մեծ կարեւորութեան մասին հարցերը:
Յունաստան փախուստ տուած թուրք զինուորները նաեւ քաղաքական ապաստան ստանալու դիմում ներկայացուցած էին Յունաստանի իշխանութիւններուն, անոնցմէ մէկուն դիմումը թէեւ բաւարարուած էր, սակայն աւելի ուշ թրքական կողմի քննադատական արձագանգէն ետք յունական դատարանը ջնջած էր ապաստան տրամադրելու որոշումը:



