Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարի տեղակալ, Անգարայի հետ յարաբերութիւններու հարցով յատուկ պատուիրակ Ճոնաթան Քոհենի գլխաւորութեամբ ամերիկեան պատուիրակութիւն մը երկուշաբթի գիշեր հասաւ Անգարա` թուրք պաշտօնատարներու հետ Աֆրինի դէմ զինուորական գործողութեան եւ դատական համագործակցութեան շուրջ քննարկումներ կատարելու համար:
Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն նաեւ Փենթակոնէն պաշտօնատարներ, քննարկումներ պիտի կատարէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ թրքական բանակի սպայակոյտէն պաշտօնատարներու հետ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ատրիան Կալաուէյ նախապէս «Անատոլու»-ին յայտնած էր, որ մաս կը կազմէ Անգարա մեկնած պատուիրակութեան: