Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու հրամանատարութիւնը կը բանակցի Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ` Աֆրինը Դամասկոսի վերահսկողութեան յանձնելու համար: Այս մասին «Իզվեսթիա»-ին յայտնած են քրտական խմբաւորման որոշ ներկայացուցիչներ:
«Մենք պատրաստ ենք քաղաքն ու անոր յարակից շրջանները յանձնելու` պայմանով, որ այստեղ մեր շահերը չվնասուին», ըսած է օրաթերթի զրուցակիցներէն մէկը:
Օրաթերթը նաեւ յղում կատարելով ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներու կը նշէ, որ Աֆրինի յանձնումի հարցին մէջ տակաւին վերջնական համաձայնութիւն չէ գոյացած, իսկ Ռուսիան այս բանակցութիւններուն մէջ հանդէս կու գայ իբրեւ միջնորդ:
Լուրը հաստատած է Ռուսիոյ քիւրտերու ազգային-մշակութային դաշնակցային ինքնավարութեան խորհուրդի նախագահ Ֆարհաթ Փաթիեւ` շեշտելով, որ թէ՛ ռուսական, թէ՛ ալ քրտական կողմը այս բանակցութիւններուն մէջ ունին իրենց համապատասխան պահանջներն ու պայմանները: Անոր համաձայն, համաձայնութիւն գոյացնելու պարագային պէտք է վերջնական որոշում տրուի նաեւ Աֆրինի մէջ քիւրտերու հետագայ կարգավիճակին վերաբերեալ:



