Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են այսօր եւ վաղը Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք Սուրիոյ հարցով խորհրդաժողովին առնչուող հարցեր:
«Կազեթա» կայքը, յղում կատարելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրին, կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովին շուրջ բանակցութիւններու մանրամասնութիւնները չեն բացայայտուած:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը որոշած է Սոչիի բանակցութիւններուն մասնակցելու համար ուղարկել Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին յայտնած է, որ խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին նաեւ քիւրտերը:
Սակայն հիւսիսային Սուրիոյ դաշնակցային դրութեան գործադիր մարմինի համանախագահ Ֆաուզզա Եուսեֆ երէկ յայտարարեց, թէ քրտական ինքնակառավարման մարմինը Աֆրինի դէմ թրքական շարունակուող յարձակումին պատճառով պիտի չմասնակցի այսօր նախատեսուած Սոչիի խորհրդաժողովին:
«Նախապէս ըսած էինք, որ եթէ Աֆրինի մէջ կացութիւնը այսպէս շարունակուի, չենք կրնար Սոչի գալ», նշեց ան:
«Ինքնակառավարման մարմինը Աֆրինի մէջ տիրող կացութեան պատճառով պիտի չմասնակցի Սոչիի խորհրդաժողովին», ըսաւ Եուսեֆ:
«Սոչիի երաշխաւորները Ռուսիան ու Թուրքիան են, եւ անոնք երկուքն ալ Աֆրինի շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին, եւ երբ երաշխաւոր երկիրները զինուորական ուղին կ՛ընտրեն, ատիկա կը հակասէ քաղաքական երկխօսութեան սկզբունքին», ընդգծեց քիւրտ ղեկավարը:



