Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ատենի Մէջ Բուռն Բախումներ` Էմիրաթական Եւ Սէուտական Աջակցութիւն Վայելող Ուժերու Միջեւ

January 29, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու աջակցութիւնը վայելող Հարաւային փոխանցման խորհուրդի ուժերը երէկ յայտարարեցին, որ գրաւած են Ատենի մէջ գտնուող վարչապետարանը, ինչպէս նաեւ քաղաքին կարգ մը զօրանոցները:

Ըստ երէկ հաղորդուած մամլոյ տեղեկութեանց, էմիրաթական աջակցութիւն վայելող ուժերը կը ռմբակոծեն Քրէյթերի նախագահական նստավայրը:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու աջակցութիւնը վայելող Ապահովական գօտիի ուժերուն եւ Սէուտական Արաբիոյ աջակցութիւնը վայելող նախագահ Ապետռապպօ Մանսուր Հատիի նախագահական պահակագունդի անդամներուն միջեւ բախում մը շուտով ընդլայնուեցաւ եւ տարածուեցաւ շարք մը թաղամասերու մէջ:

Էմիրաթական աջակցութիւն վայելող ուժերը գրաւած են նաեւ Հատիի կառավարութեան ընդհանուր քարտուղարութեան կեդրոնատեղին: Ըստ եմէնեան ապահովական աղբիւրի մը, արձանագրուած են 20 զոհեր եւ 30 վիրաւորներ, սակայն ըստ Բժիշկներ առանց սահմաններու կազմակերպութեան, զոհերուն թիւը կը հասնի 90-ի:

Սէուտական պատերազմական օդանաւեր շատ ցածէն թռիչքներ կատարած են Ատենի տարբեր շրջաններուն վերեւ:

Նշենք, որ Ատենը երեք տարիէ ի վեր վերածուած է Հատիի կառավարութեան ժամանակաւոր մայրաքաղաքին:

Հատիի կառավարութեան վարչապետ Ահմետ Ուպէյտ յայտնեց, որ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, օրինականութեան ու դաշնակցային պետութեան ծրագիրին դէմ յեղաշրջում է, եւ կոչ ուղղեց Ատենի մէջ «անգիտակից քայլերէն» հրաժարելու:

«Եմէնի մէջ արաբներուն ջանքերն ու թափած արիւնը կը յանգին միասնականութեան կորուստին ու Եմէնի մասնատման», ըսաւ վարչապետը` ամբաստանելով Իրանը Եմէնի մէջ իր ներկայութիւնը հուսիներուն ճամբով ամրապնդելու յանցանքով: Ան աւելցուց, որ երկրին մասնատումը Թեհրանի կը վերապահէ Եմէնի հողերուն մէկ երրորդը եւ բնակչութեան երեք քառորդը:

Բախումներու սկիզբէն քանի մը ժամ ետք էմիրաթական աջակցութիւն վայելող Հարաւի փոխանցման խորհուրդը իր յանձնառութիւնը արտայայտեց կառավարութեան փոփոխութեան եւ բոլոր նահանգներուն ու նախարարութիւններուն մէջ բացթողումներու «խաղաղ ճամբով» քննարկման նկատմամբ:

 

Նախորդը

Այսօր Ընթացք Առնող Սոչիի Խորհրդաժողովին Հարցով. Լաւրով-Չաւուշօղլու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Ասատ Անսարիի Հետ Քննարկած Է «Թրքական Ներխուժման Վտանգները»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.