Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի Փարքլանտ քաղաքի դպրոցին մէջ աշակերտներու վրայ կրակ բացած 19-ամեայ Նիքըլըս Քրուզին կանխամտածուած սպանութեան հարցով մեղադրանք ներկայացուած է 17 կէտով: Այս մասին կը հաղորդէ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը:
Փարքլանտի «Մաճորիթի Սթոնման Տակլըս» դպրոցին մէջ հրացանաձգութեան պատճառով արձանագրուած է 17 զոհ: Տեղւոյն երեք հիւանդանոցները տեղափոխուած են 17 անձեր: Երկու վիրաւորներ մահացած են վիրահատման սեղաններուն վրայ, երեքը կը գտնուին ծանր վիճակի մէջ: Դպրոցի շէնքին մէջ կրակոցները սկսած են դասապահերու աւարտէն քիչ առաջ` ժամը 14:30-ին (Պէյրութի ժամանակով 21:30-ին): Ատկէ քիչ առաջ դպրոցին մէջ հնչած է հրդեհային տագնապի ահազանգը: Բացառուած չէ, որ ահազանգը հնչեցուցած է Քրուզը` խուճապ յառաջացնելու համար:
Աշակերտներուն մեծ մասը փակուած է դասարաններու մէջ: Քրուզ գնդակահարած է բոլոր անոնք, որոնք յայտնուած են իր ճամբուն վրայ: 12 մարդ սպաննուած է դպրոցին մէջ, երկու անձեր` դպրոցի շէնքին մօտ, մէկը` փողոցը եւ երկու ուրիշներ ալ հիւանդանոցին մէջ: Զոհուածներու շարքին են աշակերտներ եւ չափահասներ:
Քրուզ նախապէս յաճախած է այդ դպրոցը եւ վտարուած է կարգապահութիւնը խախտելու պատճառով: Ոստիկանները զինք ձերբակալած են ողբերգութեան վայրէն շուրջ մէկուկէս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:



