Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պերլինի Մէջ Մերքել-Եըլտըրըմ Հանդիպում

February 17, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պերլինի մէջ տեղի ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:

Հանդիպումին բացումը կատարած Մերքել նախ եւ առաջ յիշեցուցած է գերմանական «Վելթ» օրաթերթի թղթակից, Գերմանիոյ քաղաքացի Տենիզ Եուճելի պարագան` նշելով, որ անոր խնդիրը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ:

Մերքել նաեւ խօսած է Թուրքիոյ մէջ օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան ու իրաւական պետութեան հիմնահարցերուն հետ կապուած խնդիրներու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար ազատականացուած մուտքի արտօնագիրի հաստատման կարելիութիւններուն մասին:

«Գերմանիոյ մէջ կ՛ապրի թրքական ծագումով 3 միլիոն քաղաքացի, անոնք ինքնին կամուրջ կը հանդիսանան մեր երկու երկիրներուն միջեւ: Այս ծիրին մէջ շատ կարեւոր է երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման համար փոխադարձ վստահութեան գործօնը», ըսած է ան:

Թուրքիոյ վարչապետը իր կարգին յոյս յայտնած է, որ թուրք-գերմանական լարուածութիւնը այլեւս անցեալին կը պատկանի, եւ յայտարարած, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ այլեւս նոր փուլ սկսած է:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ բանակին Աֆրինի մէջ շղթայազերծած գործողութեան` Եըլտըրըմ նշած է, որ Թուրքիան այս քայլով ահաբեկչութենէն կը պաշտպանէ ո՛չ միայն իր, այլ նաեւ ՕԹԱՆ-ի սահմանները:

Ան նաեւ բացատրած է, որ լրագրող Տենիզ Եուճելի` մեղադրական վճիռի մինչեւ օրս պատրաստ չըլլալու եւ կալանքի տակ մնալով դատարանի առջեւ չկանգնելու պատճառը յեղաշրջման փորձէն ետք արդարադատութեան բնագաւառին մէջ հազարաւոր գործերու քննութեան պատճառով եղած խճողուածութիւնն է եւ խնդրած է ըմբռնումով մօտենալ հարցին:

Նշենք, որ Եըլտըրըմ մէկ օր առաջ յոյս յայտնած էր, որ մէկ տարիէ աւելի թրքական բանտին մէջ գտնուող Եուճել շուտով ազատ արձակուի:

 

Նախորդը

«Այս Ուղտապան Թուրքերը Թող Վերադառնան Այնտեղ, Ուրկէ Եկած Են» Կ՛ըսէ Գերմանացի Քաղաքական Գործիչ Մը

Յաջորդը

Մինչ Փենթակոն Կը Մերժէ Մեկնաբանել. «Սուրիական Կառավարական Ուժերուն Աֆրին Մուտք Գործելու Կարելիութենէն Տեղեակ Չենք» Կ՛ըսէ Նոուըրթ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.