Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաթիս Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Կեդրոնանալու Տահեշ-Ի Դէմ Պայքարին, Եւ Ոչ Թէ Քիւրտերուն Վրայ

February 16, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրեթթին Ճանիքլի երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցան:

Թրքական «Պիրկիւն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ հանդիպումին հիմնական նիւթը եղած է սուրիական տագնապն ու Սուրիոյ տարածքին մէջ թուրք եւ ամերիկեան ուժերու գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ գործողութեանց համակարգման հարցը:

Հանդիպումը տեղի ունեցած է դռնփակ: Նախարարները նաեւ հանդիպումէն ետք չեն ունեցած աւանդական մամլոյ ասուլիս:

Քննարկումէն ետք հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ առանձնազրոյցի ընթացքին, խօսելով Աֆրինի քիւրտ զինեալներուն դէմ շղթայազերծուած զինուորական գործողութեան մասին, Մաթիս Թուրքիոյ կոչ ուղղած է կեդրոնանալու Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին վրայ:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Ճանիքլի իր կարգին յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն զէնքի մատակարարումը կը ծառայէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հզօրացման, ինչ որ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան սպառնալիք է:

«Մենք Ուաշինկթընէն պահանջեցինք դադրեցնել ահաբեկչական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն տրամադրուող ամէն տեսակի աջակցութիւնը եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերէն մաքրել այդ կազմակերպութեան անդամները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք իր ամերիկացի պաշտօնակիցին տրամադրած է փաստեր, որոնք կը հաստատեն, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները ահաբեկչական ՔԱԿ-ի մէկ հիմնական մասն է:

«Մաթիս վստահեցուց, որ իր երկիրը աւելի ազդու կերպով պիտի մասնակցի եւ աջակցի Իրաքի մէջ ահաբեկչական ՔԱԿ կազմակերպութեան դէմ պայքարին, եւ այդ աջակցութիւնը մասնաւորաբար հետախուզական մարզին մէջ պիտի ըլլայ», ըսաւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը:

Նախորդը

«Սուրիական Թանաֆ Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Ուժերու Ներկայութիւնը Կը Նկատենք Բռնագրաւում» Յայտարարեց Զախարովա

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Նախկին Արտաքին Գործոց Նախարարը Քննադատած Է Մամետեարովի` Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Վերաբերող Քաղաքականութիւնը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.