Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քիւրտ զինեալներու ջոկատները անպայման պէտք է լքեն Մընպեժը, որմէ ետք այդ շրջանի հետագայ ճակատագիրը յստակ պիտի դառնայ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միացեալ որոշումով: Ան այս մասին խօսած է «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:
Անդրադառնալով թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն` Չաւուշօղլու յայտնած է, թէ Թուրքիան չ՛ուզեր լարուած յարաբերութիւններ ունենալ որեւէ երկիրի հետ:
«Երբեմն նման բան կ՛ըլլայ, սակայն ատիկա կրնայ ամէն երկիրի հետ պատահիլ», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին երէկ յայտարարեց. «Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն Եփրատի արեւմտեան ափէն հեռացման դիպաշարը պիտի կիրարկուի նաեւ անոր արեւելեան ափին վրայ»:
Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ տակաւին որեւէ համաձայնութիւն չէ գոյացած Մընպեժի մէջ կատարուելիք գործողութիւններուն շուրջ:
Մինչ այդ` թրքական «Ա հապեր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըչ, որ պաղեստին-իսրայէլեան նոր լարուածութենէն ետք տուն կանչուած էր, «այսօր (երէկ) կը վերադառնայ Ուաշինկթըն»:
Կը նշուի, որ 3-4 յունիսին Ուաշինկթըն պիտի հասնի նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, եւ թրքական կողմը կարեւոր կը նկատէ, որ դեսպանը Միացեալ նահանգներ հասած ըլլայ մինչեւ նախարարին այցելութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ահաբեկչական պետութիւն կոչած էր Իսրայէլը եւ տուն կանչած Թել Աւիւի ու Ուաշինկթընի մէջ իր դեսպանները` ստեղծուած իրավիճակին շուրջ խորհրդակցութեան համար:
Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատրաստած «Կրօնական ազատութիւններու վիճակը աշխարհի վրայ. 2017-ին» զեկուցումին մէջ յատուկ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակին:
Զեկուցումին հեղինակները քննադատութեան ենթարկած են Թուրքիոյ իշխանութիւնները` կրօնական ենթահողէ մեկնած բռնաճնշումներու իրականացման ու երկրին մէջ կրօնական ազատութիւններու սահմանափակման համար:
Զեկուցումին մէջ ընդգծուած է, որ Թուրքիոյ մէջ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ անգործ մնացած են` թուրք կրօնական քարոզիչ, «Հիզմեթ» կրօնական խմբաւորման հիմնադիր Ֆեթուլլա Կիւլենի հետեւորդը ըլլալնուն պատճառով:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զեկուցումին մէջ ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ ամերիկացի քահանայ Էնտրիւ Պրանսընի դէպքի վրայ: Պրանսըն ու անոր կինը, որոնք Իզմիրի մէջ կը ղեկավարէին քրիստոնէական եկեղեցի, կալանաւորուած են անցեալ տարեվերջին` ներգաղթի օրէնքի խախտման մեղադրանքով:
Աւելի ուշ հոգեւորականին մեղադրանք առաջադրուած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ), ինչպէս նաեւ Ֆեթհուլլա Կիւլենի «Հիզմեթ» խմբաւորման հետ կապեր ունենալուն համար:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, արձագանգելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումին, յայտնած է, թէ զեկուցումը առարկայական չէ եւ կը պարունակէ նախորդ տարիներուն Թուրքիոյ դէմ անհիմն մեղադրանքներու կրկնութիւնը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսէօյ պնդած է, որ իրենց երկրին մէջ կրօնական կամ ազգային պատկանելիութենէն մեկնելով` մարդիկ հետապնդումներու չեն ենթարկուիր, իսկ ահաբեկչութեան հետ կապեր ունենալու համար դատարանին առջեւ կանգնածներուն պարագան կարելի չէ ներկայացնել այս ծիրին մէջ: