Թրքական զօրքերը 26 քիլոմեթր յառաջացած են դէպի իրաքեան տարածքի խորքերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»` վկայակոչելով Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սոլէյման Սոյլուն:
«Մեր զինուորները 26-27 քիլոմեթր յառաջացած են Իրաքի հիւսիսը: Քանտիլ (Կորդուաց լեռներ, «Ա.») հասնելու քիչ մնացած է, մենք հանգիստ պիտի չձգենք այդ դաւաճան կառոյցը», ըսած է Սոյլու
Իրաքի հիւսիսային Կորդուաց լեռներու շրջանին մէջ կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) կեդրոնը:



