Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Ամբարտակը Կը Սպառնայ Ցամքեցնել Տիգրիս Գետը

June 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի մէջ Տիգրիս գետի ջուրերու մակարդակը մեծապէս նուազած է, երբ Թուրքիայէն հոսող ջուրերը նուազած են մօտաւորապէս կիսով չափով: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

Մուսուլի եւ Պաղտատի մէջ գետի ջուրերուն մակարդակը հասած է աննախադէպ ցած մակարդակի, եւ այժմ շարք մը վայրերու մէջ զայն կարելի է քալելով անցնիլ, ինչ որ կը յառաջացնէ այն վտանգը, որ գետը կրնայ դադրիլ հոսելէ:

Իրաքի խորհրդարանի փոխնախագահ Համամ Համուտի յայտարարած է, թէ խորհրդարանը պիտի կազմէ նախարարական եւ խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, որ Թուրքիա պիտի այցելէ` քննարկելու համար «Իլիսու» ամբարտակի հարցը:

Ան աւելցուցած է, որ իրաքեան խորհրդարանը Թուրքիոյ խորհրդարանին պիտի յղէ անմիջական նամակ մը, որուն մէջ կոչ պիտի ուղղէ նշեալ ամբարտակը ջուրով լեցնելը երեք ամիսով յետաձգելու:

Իրաքի ջրային հարստութիւններու նախարար Հասան Ժանապի խորհրդարանին մէջ ջուրի տագնապին նուիրուած յատուկ նիստի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիան խախտած է ամբարտակին մէջ ջուրի ամբարման վերաբերեալ երկու երկիրներուն միջեւ համակարգումի շուրջ համաձայնութիւնները:

Իրաքի խորհրդարանի նախագահը նախապէս յայտնած էր, որ Իրաքի մէջ ջուրի տագնապը առնչակից կողմերէ եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ արագ միջամտութիւն մը կը պահանջէ:

Ան նաեւ քաղաքական ու ապահովական հարցերու կողքին այս հարցով հանդիպում մը ունեցած է Իրաքի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ֆաթիհ Եըլտըզի հետ:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանական Լուացքատան» Գաղտնի Ծրագիրով 1,5 Միլիոն Տոլար Վճարուած Է Ամերիկեան Լոպիստական Ընկերութեան

Յաջորդը

Բրիտանիան «Պրեքզիթ»-ի Հարցով Պիտի Ներկայացնէ Նոր Առաջարկներ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.