Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներն Ու Անոնց Դաշնակիցները Առեւտրական Պատերազմի Եզրին Են

Յունիս 2, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի դաշնակից երկիրներէ պողպատի եւ ալիւմինիոմի ներածման նոր մաքսեր կը սահմանեն: Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարար Ուիլպուր Ռոս յայտարարած է, թէ Ուաշինկթընի ժամանակացոյցով 1 յունիսի կէսգիշերէն նոր սակագիները կը մտնեն ուժի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը:

Խօսքը կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան երկիրներէն, Քանատայէն եւ Մեքսիքայէն ներածուող պողպատի 25 առ հարիւրնոց եւ ներածուող ալիւմինիոմի 10 առ հարիւրնոց մաքսին: Բոլոր նշուած երկիրները արդէն յայտարարած են, թէ հակաքայլերու պիտի ձեռնարկեն ամերիկեան տնտեսութեան առանձին ճիւղերու դէմ: Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը Ուաշինկթընի որոշումը նկատած է «սովորական հովանաւորութիւն»:

Թրամփի վարչակազմը հաստատակամօրէն մտադիր է զիջումներու հասնիլ իր առեւտրական գործընկերներէն: Նախագահին կարծիքով, աժան ներածուած մետաղը վնաս կը պատճառէ ամերիկեան ընկերութիւններուն եւ կը սպառնայ Ամերիկայի մէջ գոյութիւն ունեցող աշխատատեղիներուն: Իր նախընտրական արշաւի ընթացքին ան մշտապէս կը խոստանար հասնիլ աւելի շահաւէտ համաձայնութիւններու, եւ, դատելով այս բոլորէն, Թրամփ պատրաստ է առեւտրական պատերազմի սկսելու իր նպատակներուն հասնելու համար: Ոչ մէկ կասկած կայ, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Մեքսիքան պատրաստ են ձեռնարկելու պատասխան քայլերու, իսկ Քանատան արդէն ակնարկած է, որ կրնայ անոնց միանալ:

Ֆրանսայի առեւտուրի փոխնախարար Ժան Պաթիսթ Լեմուա ըսած է, թէ յունիսի կէսերուն Եւրոպական Միութիւնը պէտք է որոշէ, թէ յատկապէս ճիշդ ի՛նչ հակաքայլերու պէտք է ձեռնարկել: Նախապէս Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան բողոք ներկայացնելուն եւ ամերիկեան ապրանքներու մաքսի գիները բարձրացնելուն այլընտրանքը չունի: Նախապէս Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները ըսած են, թէ այդպիսի ապրանքներու ցուցակին մէջ կրնան մտնել ուիսքին, ճինզը եւ լորամարգին:

Քանատան յայտարարած է, թէ 25 առ հարիւրնոց մաքսատուրքեր պիտի սահմանէ ամերիկեան պողպատի որոշ տեսակներու եւ 10 առ հարիւրնոց սակագիներ` այլ արտադրանքներու համար, ներառեալ մածունը եւ ուիսքին:

Մեքսիքայի տնտեսութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ կը ծրագրէ մաքսատուրքեր հաստատել ամերիկեան խոզի միսի, պողպատի, խնձորի, խաղողի եւ պանիրի համար, եւ որ այդ մաքսատուրքերը ուժի մէջ պիտի մնան այնքան ժամանակ, որ Միացեալ Նահանգներ չեն վերցուցած իրենց նոր մաքսերը:

 

Նախորդը

Սպանիոյ Խորհրդարանը Անվստահութիւն Յայտնեց Ռախոյի Կառավարութեան

Յաջորդը

«Քիւրտերը, Արաբներն Ու Թուրքմենները Խաղաղութեամբ Կ՛ապրին Հիւսիսային Սուրիոյ Ազատագրուած Շրջաններուն Մէջ» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?