Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը Կը Շեշտէ Միջին Արեւելքի Մէջ Թուրքիոյ Աշխարհաքաղաքական Կարեւորութիւնը

June 7, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ուես Միչըլ շեշտեց, որ «Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը»` նշելով. «Անիկա միակ պետութիւնն է, որ կրնայ շրջանին մէջ Իրանին հակակշիռ ըլլալ»:

«Մենք հաստատօրէն կ՛աշխատինք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները դարձնել կայուն` զայն արեւմտեան ռազմավարութեան գիծին վրայ դնելու նպատակով», ըսաւ ան` նշելով. «Անիկա շրջանին մէջ միակ պետութիւնն է, որ կարողութիւնը ունի Իրանը հակակշռելու»:

Միչըլ նաեւ նշեց «Ամերիկայի համար Թուրքիոյ` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակից կարեւորութիւնը»: «Թուրքիան ապահովական արդար մտավախութիւններ ունի, եւ մենք անոնցմէ ոմանց համամիտ ենք: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւ անոր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլու այդ մտավախութիւններուն մեծ մասը քննարկեցին»:

«Ուաշինկթըն կ՛ուզէ Անգարայի հետ գործակցիլ», ըսաւ ան` նշելով. «Ամերիկայի մօտ Թուրքիոյ նկատմամբ գոյութիւն ունին «Էս-400» հրթիռային պաշտպանութեան համակարգերուն, որոնք Անգարան մտադիր է գնել Ռուսիայէն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած ամերիկացի քաղաքացիներուն վերաբերեալ կարգ մը մտահոգութիւններ»:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ Թուրքիան զգուշացուց ռուսական «Էս-400»-ներ գնելէ` նշելով, որ ատիկա «ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ «Էֆ-35» օդանաւերու արդիականացման ծրագիրին անոր մասնակցութեան վրայ»:

Միչըլ ամերիկեան «Ժառանգութիւն» հիմնարկին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին ըսաւ. «Մեր բոլոր հաղորդակցութիւններուն ընթացքին թուրք պաշտօնատարներու յստակ կերպով կ՛ըսեն, որ եթէ որոշեն «Էս-400»-ներու գնման ճամբով ընթանալ, ատիկա պիտի ունենայ հետեւանքներ, որոնցմէ մէկը յստակօրէն նշուած է Ամերիկայի թշնամիները պատժամիջոցներու միջոցով դիմակայելու օրէնքի թիւ 231 յօդուածին մէջ»:

 

Նախորդը

«Միջազգային Դաշինքի Սուրիոյ Մէջ Ներկայութեան Ժամանակացոյց Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Դաշինքի Բանբերը

Յաջորդը

Քիւրտ Զինեալները Հեռացան Մընպեժէն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.