Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իր Քրտական Արմատները Բացայայտելով` «Քիւրտերուն Պետութիւնը Թուրքիան Է» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

June 7, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց. «Ամերիկացիներն ու եւրոպացիները միացան եւ կ՛ըսեն. «Քիւրտերուն պետութիւն ստեղծենք»: «Քիւրտերուն համար պետութիւնը Անատոլուի հողերն են», շեշտեց ան:

Կորճայք նահանգին մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընտրական հաւաքի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Եըլտըրըմ ըսաւ, թէ` «իմ անցեալս ալ քրտական է: Մենք քիւրտերուն հետ հարց չունինք, դուք մեր եղբայրներն էք: Հպարտութեամբ յայտարարեցէք ձեր քիւրտ ըլլալը: Ատոր համար ոչ ոք կրնայ ձեզի բան մը ընել»` աւելցնելով, որ թրքական ներկայ իշխանութիւնները իրենց ետին ձգած են խտրականութեան քաղաքականութիւնը:

«Քիւրտերը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ հարց ունին: Այդ կազմակերպութիւնը քիւրտերուն, թուրքերուն եւ բոլոր անմեղներուն համար փորձանք է», յայտնեց Թուրքիոյ վարչապետը եւ շեշտեց. «Որոշած ենք միասնաբար վերջ տալ այդ փորձանքին: Թուրքիոյ մէջ ոեւէ ստոր ահաբեկիչ պիտի չմնայ»:

Իշխանամէտ շարք մը լրատուամիջոցներ չէին հրապարակած Եըլտըրըմի` «քրտական անցեալ» ունենալուն մասին խոստովանութիւնը: Թուրքիոյ վարչապետը ծնունդով Աղրը (պատմական Բայազիտ) շրջանէն է, որ այժմ ամբողջովին քրտաբնակ է:

Յայտնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վերջերս քրտաբնակ Տիգրանակերտի մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ մէջ այլեւս քրտական հարց գոյութիւն չունի:

«Այսօր` 2018 թուականին, Թուրքիոյ մէջ այլեւս չկայ այն խնդիրը, որ կը կոչուի քրտական հարց: Մեր առջեւ կայ միայն մէկ խնդիր` ահաբեկչութեան խնդիրը, որն ալ հիմա կը լուծենք», ըսած էր Էրտողան:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զգուշացուցած Է Հտէյտայի Նաւահանգիստին Դէմ Յարձակում Գործելէ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի 100-Ամեակին Ընդառաջ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Տեղի Ունեցաւ Միջգերատեսչական Յանձնախումբի Նիստ

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.