«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը խստօրէն քննադատած է Ազրպէյճանի գերագոյն դատարանի որոշումը, որ ուժի մէջ ձգած է ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան կայքի արգիլման վերաբերեալ Պաքուի վերաքննիչ դատարանի որոշումը` զայն անուանելով «անկախ լրատուամիջոցը ճնշելու պետական իշխանութեան օգտագործում»:
«2014 թուականին, երբ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները փակեցին մեր գրասենեակը` առանց օրէնքի պահանջի կամ պատշաճ դատավարութեան, մենք հասկցանք, որ մենք եւ բոլոր անկախ լրատուամիջոցները թիրախ ենք: Այս որոշումը կը հաստատէ այդ փաստը», յայտարարած է «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի նախագահ Թամըս Քենթ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան կայքի արգիլումը ջնջելու վերաբերեալ երկու բողոք ձախողած է` «հակառակ այն փաստին, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ոչ մէկ վկայութիւն տրամադրած են, որ կ՛ապացուցէ իրենց իսկ յառաջ քաշած մեղադրանքները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
«Ազատլիք» կայքը Ազրպէյճանի մէջ արգիլուած է մարտ 2017-էն ի վեր` երկրի գլխաւոր դատախազութեան հրահանգով, որ պնդած է, թէ «կայքը կը սպառնայ երկրի ազգային անվտանգութեան»:
Արգելքը, որ կիրարկուած է նաեւ «Ազատլիք» ընդդիմադիր թերթի եւ «Մէյտան Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի, ինչպէս նաեւ երկու համացանցային պատկերասփիւռային հաղորդումներու նկատմամբ, դատապարտած են շարք մը իրաւապաշտպան խումբեր եւ արեւմտեան երկիրներ:


