Միացեալ Նահանգներու` ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդէն քաշուիլը տարբեր հակազդեցութեանց առիթ տուաւ:
Արդարեւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներուն առած այս քայլով խորհուրդին մէջ քաղաքականացած մթնոլորտ եւ երկու չափ-երկու կշիռի դրութիւն չի տիրեր: Անոր համաձայն, նման քայլ մը մեծ հարուած է այդ երկրին վարկին, որովհետեւ անտեսում է ո՛չ միայն խորհուրդին, այլ նաեւ անոր հովանիին տակ գործող կառոյցներուն` աւելցնելով, սակայն, որ ասիկա մեծ անակնկալ չէր Ռուսիոյ համար: Զախարովա աւելցուց, որ Մարդկային իրաւանց խորհուրդը լաւապէս կը գործէր նախքան Միացեալ Նահանգներուն` անոր անդամակցութիւնը, ուստի յոյսով է, որ ասկէ ետք եւս պիտի աշխատի նոյն կշռոյթով:
Պաղեստինեան կեցուածքը դրսեւորեց Սաէպ Օրէյքաթ, որ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու այս որոշումը ցոյց կու տայ, որ այս երկիրը կողմնակից է իսրայէլեան բռնագրաւումին, ուժի օրէնքին, փոխանակ միջազգային օրէնքին ու իրաւական ուժին կողմ ըլլալու: Անոր համաձայն, Իսրայէլի գործած ոճիրներուն պաշտպանը հանդիսանալով, Միացեալ Նահանգներ եւս մասնակից կը նկատուին գործադրուած անմարդկայնութիւններուն: Ս. Օրէյքաթ հաստատեց, որ իրականութիւնը հերքելը չի նշանակեր, որ անիկա պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ:
Եւրոպական Միութիւնը իր կարգին դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներ այսպիսով կը նահանջեն ժողովրդավարութեան կողմնակից եւ քաջալերող եղողի իրենց դերէն: Միութիւնը հաստատեց, որ ինք կը շարունակէ պաշտպան հանդիսանալ մարդկային իրաւունքներուն եւ սկզբունքներուն:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ողջունեց Միացեալ Նահանգներու այս որոշումը` զայն յանդուգն եւ քաջ նկատելով, իսկ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդը կոչեց «կողմնակալ եւ հակաիսրայէլ»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ պատասխանատուներուն, որոնց որոշումը նաեւ կեցուածք էր ընդդէմ «սուտին եւ կեղծիքին», որովհետեւ, ըստ Իսրայէլի վարչապետին, խորհուրդը միշտ ալ փաստած է, որ ինք կողմնակալ է եւ Իսրայէլի դէմ կը գործէ:



