Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ հանդիպումէն ետք շեշտը դրաւ պաղեստինեան դատի լուծման կարեւորութեան վրայ` գտնելու համապարփակ լուծում մը, որ հիմը կը դնէ պաղեստինեան անկախ պետութեան մը` մայրաքաղաք ունենալով Երուսաղէմը:
Ան նաեւ ընդգծեց սուրիական տագնապին արագ լուծում գտնելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ Յորդանան եւ Գերմանիա անդամներ են սեղմ յանձնախումբի` գտնելու քաղաքական լուծում Սուրիոյ մէջ:



