Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Քորէայի Եւ Չինաստանի Ղեկավարները Համաձայնեցան Խթանելու «Ռազմավարական Եւ Մարտավարական» Համագործակցութիւնը

Յունիս 22, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Քորէայի նախագահ Քիմ Եոնկ Ըն եւ Չինաստանի նախագահ Հու Ճինթաու չորեքշաբթի օր քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ «ռազմավարական եւ մարտավարական» համագործակցութիւնը խթանելու միջոցները: Այս մասին հինգշաբթի օր հաղորդեց Հիւսիսային Քորէայի պետական լրատուամիջոցը:

Ընի եւ Ճինթաուի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարի Փեքին այցելութեան երկրորդ եւ վերջին օրուան ընթացքին: Ըն Չինաստանի նախագահին ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփին հետ անցեալ շաբաթ Սինկափուրի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւնները:

Քորէական Կեդրոնական լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ երկու ղեկավարները փոխանակեցին «լուրջ տեսակէտներ» ներկայի եւ «նոր» կացութեան մասին:

Երեքշաբթի օր, Ըն եւ Ճինթաու համաձայնութեան հասած էին Քորէական թերակղզին հիւլէական զէնքէ զերծ պահելու մասին, խօսելէ ետք Միացեալ Նահանգներ-Հիւսիսային Քորէա վեհաժողովի արդիւնքին մասին:

Ըն նաեւ այցելեց Չինաստանի գիւղատնտեսական եւ երթեւեկութեան կառավարման կեդրոններ:

Ըն խոստացաւ Հիւսիսային Քորէայի մէջ տնտեսութիւնը առաջնահերթութիւն դարձնել` յայտարարելէ ետք հիւլէական զէնք մշակելու երկարամեայ ձգտումի նուաճումին մասին: Հիւսիսային Քորէայի լրատու միջոցները յաճախակիօրէն ընդգծած են վերջին ամիսներուն գիւղատնտեսական եւ արդիւնաբերական մարզերուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացը:

Պաշտօնական «Չայնա Տէյլի» օրաթերթը իր խմբագրականին մէջ նշած է, որ երկու երկիրներուն կապերը նոր կենսունակութիւն կը ճառագայթեն, եւ Ընի այցելութիւնը գիւղատնտեսութեան եւ երթեւեկութեան կառավարման կեդրոններ ցոյց տուաւ, որ տնտեսութիւնը առաջնահերթութիւն է իրեն համար:

«Ընի վերջին զրոյցը Ճինթաուի հետ իրեն վստահեցուցած է, որ Չինաստան կանգնած է Հիւսիսային Քորէայի ետին, երբ ան իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ տնտեսական զարգացման վրայ», յայտնած է թերթը:

 

Նախորդը

Անգարա. Քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատները Պիտի Սկսին Սուրիոյ Մընպեժէն Հեռանալ 4 Յուլիսին

Յաջորդը

Յորդանանի Թագաւոր. «Պաղեստինեան Պետութիւնը` Երուսաղէմ Մայրաքաղաքով, Շրջանի Մէջ Խաղաղութեան Հիմքն Է»

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?