Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ ղեկավարները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան ներկայացուցիչները 28-էն 29 յունիսին տեղի ունենալիք վեհաժողովի նախօրէին արտակարգ ոչ պաշտօնական հանդիպում մը կ’ունենան` գաղթականութեան խնդիրին շուրջ:
Ինչպէս «Քորիերէ տելլա սերա»-ն կը հաղորդէ, հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24 յունիսին, Պրիւքսելի մէջ: Իտալիոյ վարչապետ Ճուզեփէ Քոնթէէն, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելէն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն եւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեսէն բացի, հանդիպումին կը մասնակցին ղեկավարները Եւրոպական Միութեան նախագահող Պուլկարիոյ եւ Աւստրիոյ, որուն նախագահութիւնը կը սկսի 1 յուլիսէն:
Հեղինակաւոր հրատարակութեան տուեալներով` արտակարգ նիստի ընթացքին պիտի քննարկուին Եւրոպական Միութեան պիւտճէի ուղղումները` հաշուի առնելով անհրաժեշտ միջոցներու յատկացումը ափրիկեան երկիրներու օգնութեան հիմնադրամին (աւելի քան կէս միլիառ եւրօ), ինչպէս նաեւ միութեան համագործակցութիւնը ՄԱԿ-ի համապատասխան կազմակերպութիւններուն հետ, ներառեալ` Գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի վարչութիւնը եւ Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութիւնը:
Վիեննան եւ Հռոմը կը պնդեն գաղթականութեան հարցերուն վերաբերող քաղաքականութեանց մէջ աւելի կարծր ուղեգիծի որդեգրման վրայ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Եւրոպական խորհրդարանի ղեկավար Անթոնիօ Թայեանին յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութեան ապագան վտանգուած է առանց գաղթականութեան խնդիրի լուծման: «Մենք պէտք է գաղթականութեան շուրջ համաձայնութեան հասնինք Եւրոպական խորհուրդի յաջորդ նիստին (խօսքը կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան 28-էն 29 յունիսի վեհաժողովին): Գլխաւոր առաջնահերթութիւնը կը մնայ արտաքին սահմաններու պաշտպանութիւնը: Առանց այդ խնդիրի լուծման, Եւրոպական Միութեան ապագան սպառնալիքի տակ կը դրուի», յայտարարած էր ան, հաղորդած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:



