Ազրպէյճան հաստատած է 10 հատ ուքրանական «Ան-178» օդանաւ ձեռք բերելու վերաբերեալ իր հետաքրքրութիւնը: Այդ մասին ուքրանական «112» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է «Անթոնով» ընկերութեան նախագահ Ալեքսանտր Տոնեց:
«Մեր ճարտարագիտութիւնը պահանջ եւ գնորդներ ունի: Ահա «Սիլք Ուէյ»-ի (Ազրպէյճան) ներկայացուցիչներու հետ 11 յուլիսին վերջին հանդիպումին արձանագրութիւնը: Անոնք հաստատած են 10 հատ «Ան-178» օդանաւ ձեռք բերելու վերաբերեալ հետաքրքրուածութիւնը», ըսած է ան:
«Անթոնով» ընկերութեան նախագահին համաձայն, հաւանաբար այդ օդանաւերը պիտի ըլլան ՆԵՔՍԹ շարքէն:
Գինի մասին լրագրողի հարցումին պատասխանելով` Ալեքսանտր Տոնեց ըսած է, թէ այդ հարցումին պատասխանել պիտի կարենայ այն ժամանակ, երբ յստակացուին պահեստամասերու արտածման պայմանները:
«Կ՛ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել այն փաստին վրայ, որ արեւմտեան արտադրութեան պահեստամասերու շուրջ 60 առ հարիւրը աւելի աժան են, քան ռուսականները», ըսած է ան:



