Անցեալ շաբաթ Մոնկոլիոյ մէջ առեւանգած են թուրք մանկավարժ մը եւ փորձած զինք երկրէն դուրս հանել, սակայն երկրի իշխանութիւնները արգելք հանդիսացած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը:
Մանկավարժ Վէյսել Աքսայ կը ղեկավարէ միջազգային դպրոցներու ցանց մը, որ առնչուած է թուրք քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենին, որուն Անգարան կը մեղադրէ յեղաշրջման կազմակերպումին մէջ:
27 յուլիսի առաւօտեան անծանօթ մարդիկ մայրաքաղաք Ուլան Պաթորի մէջ Աքսայը բռնի նստեցուցած են անոր տան կողքին կանգնած փոքր փոխադրակառքին մէջ:
Քանի մը ժամ ետք Ուլան Պաթորի օդակայանին մէջ էջք կատարած է թրքական օդանաւ մը, որ «Ֆլայթռատար»-ի տուեալներով` Թուրքիոյ օդուժին կողմէ շահագործուող «Պոմպարտիէ» օդանաւ եղած է:
Երբ յայտնի դարձած է օդանաւին մասին, Աքսայի ընտանիքի անդամներն ու ընկերները հաւաքուած են օդակայանին մէջ: Օրուան երկրորդ կիսուն Մոնկոլիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ կառավարութիւնը արգելակած է օդանաւին թռիչք առնելը:
Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ Աքսայի առեւանգումը «Մոնկոլիոյ գերիշխանութեան եւ անկախութեան խախտման անընդունելի գործողութիւն պիտի ըլլար, եւ Մոնկոլիան կտրուկ կերպով դէմ պիտի կանգնի ատոր»:
Օդանաւը հեռացած է Մոնկոլիայէն 27 յուլիսի ժամը 21:15-ին` առանց Աքսայի: