Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչութեան եւ լրտեսութեան ամբաստանութեամբ կալանաւորուած ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի հարցին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խօսքին, յայտնեց, որ Թուրքիան «երբեք ոեւէ մէկէն սպառնալիքներ պիտի չհանդուրժէ»: Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ Անգարան զգուշացուցած էր «մեծ պատժամիջոցներէ»:
«Ոչ ոք Թուրքիոյ թելադրանք կը կատարէ: Երբեք ոեւէ մէկէն սպառնալիքներ պիտի չհանդուրժենք: Օրէնքի իշխանութիւնը բոլորին համար է` առանց բացառութեան», «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Չաւուշօղլու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Թուրքիան ժողովրդավարական աւանդութեան խոր արմատներ ունեցող եւ օրէնքի գերակայութիւնը բարձր դասող քաղաքական կարգ ունեցող գերիշխան պետութիւն մըն է: Ոչ ոք կրնայ Թուրքիոյ հրամաններ արձակել եւ սպառնալ մեր երկրին: Թուրքիոյ դէմ սպառնական խօսքերը անընդունելի են»:
Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն իր կարգին ըսաւ. «Սպառնական ոճը անընդունելի է»: Ան Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց` «կառուցողական կեցուածք որդեգրելու»:
Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիթ Կիւլ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց.«Թուրքիան լիարժէքօրէն անկախ եւ գերիշխան երկիր մըն է, որ կը ճշդէ իր սեփական ճակատագիրը: Պրանսընի դատը պիտի շարունակէ իր ուղիով, ինչպէս պէտք է ըլլայ լիարժէքօրէն անկախ ու գերիշխան երկրի մը մէջ, եւ թրքական գերագոյն արդարադատութիւնը պիտի ունենայ վերջնական խօսքը»:
Թրամփ 26 յուլիսին յայտնած էր. «Միացեալ Նահանգներ մեծ պատժամիջոցներ պիտի հաստատեն Թուրքիոյ դէմ պատուելի Էնտրիւ Պրանսընը երկարատեւ ձերբակալման տակ պահելուն համար»: «Ան մեծապէս կը տառապի: Այս հաւատքի անմեղ մարդը պէտք է անմիջապէս ազատ արձակուի», աւելցուց ան:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս իր կարգին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ դէմ նկատառելի պատժամիջոցներ պիտի հաստատեն, եթէ Պրանսըն ազատ չարձակուի»:
«Նախագահ Էրտողանին ու թրքական կառավարութեան պատգամ մը ունիմ յանուն Միացեալ Նահանգներու նախագահին. «Հիմա՛ ազատ արձակեցէք պատուելի Էնտրիւ Պրանսընը, այլապէս պատրաստ եղէք հետեւանքները կրելու… Եթէ Թուրքիան այս հաւատքի անմեղ մարդը ազատ արձակելու եւ զինք Ամերիկա տուն ուղարկելու անմիջական քայլ մը չառնէ, Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ դէմ պիտի հաստատէ նկատառելի պատժամիջոցներ մինչեւ որ պատուելի Էնտրիւ Պրանսընը ազատ ըլլայ», գրեց ան երկու իրերայաջորդ թուիթըրեան պատգամներու մէջ:
Փենս նաեւ յայտնեց, որ Պրանսընի բանտէն դուրս գալով տնային կալանքի տակ դրուելէն ետք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է անոր հետ եւ խոստացած աշխատանք տանիլ անոր «ամբողջական ազատ արձակման» համար:



