Քրտական Ժողովրդավարական հասարակութիւն շարժումի համանախագահ Ալտար Խալիլ յայտնեց. «Քիւրտ մարտիկները պատրաստ են ահաբեկչական խմբաւորումները վտարելու հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ նահանգէն»:
«Մենք պատրաստ ենք, եթէ կրցանք համաձայնութիւն գոյացնել, հիւսիսային Սուրիոյ ազատագրման մէջ առանցքային դեր խաղալու», նշեց ան` աւելցնելով. «Մենք պատրաստ ենք գործակցելու ազատագրական որեւէ ուժի հետ` առանց զայն ճշդելու: Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող ուժերուն կացութիւնը, զանոնք կարող կը դարձնէ այդ դերը կատարելու»:
Խալիլ հերքեց լրատուամիջոցներու կողմէ իրեն ուղղուած «Դամասկոսի կեդրոնական կառավարութեան մերձենալու» մասին մեղադրանքները: