Ինտոնեզիոյ Պալի եւ Լոմպոք զբօսաշրջական կղզիներուն մէջ տեղի ունեցած 7 աստիճան ուժգնութեամբ երկարաշարժին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը հասած է 98-ի, իսկ վիրաւորներունը` աւելի քան 236-ի: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը:
Աղէտներու հետեւանքներու ջնջման ազգային ծառայութեան մամլոյ բանբերը մանրամասնած է, որ զոհերու շարքին օտարերկրացիներ չկան: Զոհերուն մեծ մասը արձանագրուած է Լոմպոք կղզիին մէջ: Երկու մարդ զոհուած է Պալիի մէջ, իսկ զոհ մըն ալ Ճիլի կղզիին մէջ:
Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ երկրաշարժէն ետք տարածքին մէջ արձանագրուած է աւելի քան 100 յետցնցում: Հազարաւոր մարդիկ մնացած են անօթեւան, որովհետեւ երկրաշարժը վնասած է 3000 տուն եւ շինութիւն:
Դէպքի վայրին մէջ աշխատող փրկարարներու գործողութիւններուն կը խոչընդոտեն փլուզուած կամուրջները, հոսանքազրկումն ու բջիջային կապի բացակայութիւնը:
Երկրի նախագահ Ճոքօ Վիտոտօ իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնած է զոհերու ընտանիքներուն` խոստանալով կարելի եղածին չափ արագ վերակառուցել փլուզուած կամուրջները, տուները եւ միւս շինութիւնները:
Զոհերէն իւրաքանչիւրի ընտանիքին պետութիւնը խոստացած է աւելի քան 1000 տոլար փոխհատուցում:



