Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոնթենեկրոն Կրնայ Համաշխարհային Գ. Պատերազմի Պատճառ Դառնալ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Օգոստոս 6, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ Մոնթենեկրոյի փոքրիկ հանրապետութիւնը կրնայ Համաշխարհային Գ. պատերազմ սկսելու պատճառ դառնալ: Ան ընդգծած է, որ Մոնթենեկրոյի ժողովուրդը շատ յարձակողական է:

«Մոնթենեկրոն շատ փոքր երկիր է` շատ ուժեղ ժողովուրդով: Անոնք չափազանց յարձակողական են: Կրնայ պատահիլ, որ անոնք բարկանան, ու շնորհաւորանքներս` Համաշխարհային Գ. պատերազմը կը սկսի», նշած է Թրամփ:

Նախագահը ընդգծած է, թէ իրեն հաճելի չէ, որ զինուորական տագնապի պարագային Միացեալ Նահանգները ստիպուած պիտի ըլլան պաշտպանել ՕԹԱՆ-ի նորեկ անդամ Մոնթենեկրոն:

Նախկին Եուկոսլաւիոյ կազմին մէջ ներառուած Մոնթենեկրոն, որ ունի շուրջ 630 հազար բնակիչ, նախորդ տարուընէ ի վեր կ՛անդամակցի ՕԹԱՆ-ին, ինչ որ դժգոհութիւն կը պատճառէ Ռուսիոյ:

Վերջին տարիներուն Մոսկուայի հետ Մոնթենեկրոյի յարաբերութիւնները խիստ լարուած են` ՕԹԱՆ-ի անդամ դառնալուն պատճառով: Բացի ատկէ, երկիրը մտադիր է դառնալ Եւրոպական Միութեան անդամ, ինչ որ կը բարկացնէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, որովհետեւ այդպիսով Արեւմուտքը աւելի կը մօտենայ Ռուսիոյ սահմաններուն:

Ծանօթ է, որ Ռուսիա կը մեղադրուի Մոնթենեկրոյի ընտրութիւններուն միջամտելու, ինչպէս նաեւ 2016 թուականին յեղաշրջումի ձախողած փորձի կատարման համար:

«Փաստօրէն, Թրամփ կասկածի տակ կ՛առնէ այն, որ Միացեալ Նահանգները անհրաժեշտութեան պարագային պիտի պաշտպանեն իրենց դաշնակիցները: Նուէր մը եւս Փութինին», նշած է ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Նիքոլաս Պըրնզ:

Թրամփի կուսակից հանրապետական Ճոն ՄքՔէյնի կարծիքով` «Միացեալ Նահանգներու նախագահը կ՛ընէ ճիշդ այն, ինչ որ Փութինը կ՛ուզէ»:

«Մոնթենեկրոյի ժողովուրդը կը դիմակայէ փութինեան Ռուսիոյ ճնշումը` շարժելով դէպի ժողովրդավարութիւն: Սակայն նախագահը, խօսելով Մոնթենեկրոյի դէմ ու կասկածի տակ առնելով ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ մեր պարտաւորութիւնները, մեծ նուէր մը կը մատուցէ Փութինին», ըսած է քոնկրեսականը:

 

Նախորդը

Դանիոյ Մէջ Կին Մը Առաջին Անգամ Ըլլալով Տուգանքի Ենթարկուած Է Նիքապ Կրելուն Համար

Յաջորդը

Հիւսիսային Քորէան Յայտարարած Է Քորէական Թերակղզիին Մէջ Խաղաղութեան Պահպանման Պատրաստակամութեան Մասին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?